Մտավախութիւնները, որ դիմակ կրելը կը նուազեցնէ թթուածինի մակարդակը արեան մէջ, չափազանցուածութիւն է, ըսած են ամերիկացի հետազօտողները:
Medportal.ru-ի փոխանցումով` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տակաւին նախորդ ամառ յայտարարած էր, որ դիմակներ կրելը թթուածինի պակասութիւն չ՛ստեղծեր եւ ածխաթթու կազէն թունաւորում չի յառաջացներ: Աւելի ուշ, Թոքերու առողջութեան ամերիկեան ընկերակցութիւնը (ALA) հաստատած էր այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ ապացոյցներ չկան, որ դիմակը կրնայ տկարացնել դիմադրողական համակարգը:
Իսկ այժմ, Միշիկընի համալսարանի հանրային առողջութեան դպրոցի գիտնականները հրապարակած են իրենց կատարած հետազօտութեան արդիւնքները` ցոյց տալու համար, որ դիմակները չեն խանգարեր բնական շնչառութիւնը նոյնիսկ «պրոնքային ասթմայով» տառապող մարդոց մօտ:
«Մենք շատ յաճախ կը լսենք շնչառական հիւանդութիւններ ունեցող մեր հիւանդներէն, որ անոնք կը վախնան դիմակ կրելու, քանի որ այդ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ իրենց համար: Ուստի մենք որոշեցինք ստուգել` արդեօ՞ք իսկապէս վտանգ կայ «ասթմայով» մարդոց համար»,- յայտնած են գիտնականները «ալերժիի», «ասթմայի» եւ «իմունաբանութեան» ակադեմիոյ առցանց համաժողովի ժամանակ, ուր եւ ներկայացուած են հետազօտութեան արդիւնքները:
Հետազօտութեան հեղինակները զարկերակային «օքսիմիթըր» դրած են` բոլոր կամաւորներու մօտ հանգիստ վիճակին, արեան մէջ թթուածինի մակարդակը (SpO2) չափելու համար: Ընդհանուր առումով, միջին SpO2-ը 98 առ հարիւր էր (93–100 առ հարիւր միջակայք)` ինչպէս «ասթմայով» հիւանդ, այնպէս ալ առանց «ասթմայով» մասնակիցներու խումբին մէջ:
Մասնագէտները գնահատած են նաեւ տարբեր տեսակի դիմակներու ազդեցութիւնը արեան մէջ թթուածինի մակարդակին վրայ` կտորէ, բժշկական եւ №95 «ռեսփիրաթորի»: SpO2-ի միջին չափը առաջին երկու տեսակներուն համար 98 առ հարիւր կազմած է, «ռեսփիրաթորի» համար` 99 առ հարիւր: Պաշտպանիչի օգտագործման տեւողութիւնը էապէս չէ ազդած արեան մէջ թթուածինի մակարդակին վրայ. անոնց պարագային, որոնք մէկ ժամ դիմակ կրած են, թթուածինի մակարդակը արեան մէջ 98 առ հարիւր կազմած է` մէկ ժամէն աւելի դիմակ կրողներու 99 առ հարիւրի համեմատ: