Ե՞րբ ճիշդ է պաղպաղակ ուտելը՝ առողջ մնալու եւ աւելորդ կշիռք չհաւաքելու համար: Այս մասին իր կարծիքը յայտնած է սննդաբան Թամարա Փրունցեւա:
Մասնագէտին խօսքով՝ կարեւոր են պաղպաղակ ուտելու ժամը եւ չափաբաժինը: Բնական կշիռք ունեցող մարդը կրնայ մէկ փոքր պնակ պաղպաղակ ուտել որպէս երկրորդ նախաճաշ, յատկապէս տաք եղանակին: Այնուամենայնիւ, գիշերային ժամերուն չի յանձնարարուիր պաղպաղակ ուտել (նոյնիսկ եթէ ցած քալորի կը պարունակէ):
Թամարա Փրունցեւա կը յանձնարարէ շաբաթական ուտել ոչ աւելի, քան 200 կրամ պաղպաղակ: Չափաբաժինի յաւելումը կրնայ յանգեցնել ԼՕՌ փաթոլոճիներու զարգացման:
Մասնագէտին խօսքով՝ որովհետեւ պաղպաղակը բարձր քալորի պարունակող աղանդեր է՝ շաքարի եւ ճարպի մեծ պարունակութեամբ, չի յանձնարարուիր շաքարախտով, աւելորդ կշիռքով եւ աղեստամոքսային թրաքթի հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց:
Պաղպաղակ ընտրելու պարագային՝ սննդաբանը կը յանձնարարէ նախապատւութիւնը տալ բաղադրութեան մէջ աւելի քիչ բաղադրիչներ ունեցող ուտելիքներուն:
«Պէտք չէ զգուշանալ պաղպաղակի բաղադրութեան մէջ «E» պիտակաւորումով յաւելումներէն: Յաւելումները կ՛օգտագործեն, որպէսզի ուտելիքը աւելի երկար պահպանուի, իսկ «E» յաւելումները հիմնականին մէջ բնական ծագում ունին»,- նշած է սննդաբանը:
Աղանդերներու անվնաս տարբերակը մասնագէտը կը նկատէ «սորպեթ»-ները, որոնք բաղկացած են միրգերէն եւ հատապտուղներէն: