Իւրաքանչիւր տարի կրիփի դէմ պէտք է պատուաստուիլ, որովհետեւ կրիփի ժահրերը անընդհատ կը փոխուին եւ հետեւաբար, ատոնց դէմ պատուաստը ամէն եղանակի կը վերանորոգուի՝ տուեալ եղանակի ընթացքին շրջանառուող ժահրի տեսակին համապատասխան։ Պատշաճ պաշտպանութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է ամէն տարի պատուաստուիլ։
Պատուաստումը կը նուազեցնէ եղանակային կրիփի հետեւանքով հիւանդանոցային բուժում ստանալու, այդ շարքին, նաեւ՝ «ինթենսիվ թերափի»ի բաժանմունքին մէջ գտնուելու հաւանականութիւնը։
Բացի ատկէ, անիկա կը կանխարգիլէ եղանակային կրիփի հետեւանքով մահուան դէպքերը։
Աւելին՝ ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ նոյնիսկ կրիփով հիւանդանալու պարագային, կրիփի դէմ պատուաստումի շնորհիւ հիւանդութիւնը կ՛ունենայ աւելի թեթեւ ընթացք, ուստի պատուաստուիլը շատ կարեւոր է։