Ազատ ժամանակը օգտակար է մեր առողջութեան համար, յայտնած է ScienceDailyն՝ յղում կատարելով Հարաւային Աւստրալիոյ համալսարանի առողջապահական հետազօտողներուն: Քառօրեայ աշխատանքային շաբաթը փորձարկուած է աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, եւ այս փորձին արդիւնքները շատ հետաքրքրական են:
Հետազօտողները բացայայտած են, որ մարդիկ արձակուրդի ընթացքին աւելի առողջ ապրելաձեւ կը վարեն, նոյնիսկ եթէ միայն երեք օր է:
Հետազօտութեան արդիւնքները
Ուսումնասիրութեան 13-ամսեայ ժամանակաշրջանին մէջ, մարդիկ սովորաբար առած են, միջինը՝ երկու-երեք արձակուրդ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկարած է մօտաւորապէս 12 օր: Հանգիստի ամէնէն տարածուած տեսակը եղած է բացօթեայ հանգիստը (35 առ հարիւր), որուն յաջորդած են ընտանեկան/ընկերային միջոցառումները (31 առ հարիւր), հանգիստը եւ «ռիլէքսէյշըն»ը (17 առ հարիւր) եւ ոչ ժամանցային զբաղումները, ինչպէս՝ փոքրիկներու խնամքը կամ տան վերանորոգումը (17 առ հարիւր):
Հետազօտութիւնը բացայայտած է, որ արձակուրդի մէջ գտնուող մարդիկ ամէն օր՝
- 13 առ հարիւրով աւելի շատ զբաղած են ֆիզիքական «աքթիվութեամբ» (չափաւորէն բարձր): Այդ օրական հինգ վայրկեանով աւելի է, քան սովորաբար մարդիկ կը կատարեն,
- Սկսած են 5 առ հարիւրով նուազ նստակեաց ապրելաձեւ ունենալ. այդ օրական 29 վայրկեան է,
- Քնացած են 4 առ հարիւրով (21 վայրկեան) աւելի:
Հարաւային Աւստրալիոյ համալսարանի հետազօտող, տոքթոր Թայ Ֆերկիւսոն կ՛ըսէ, որ մարդիկ աւելի առողջ ապրելաձեւ կ՛ունենան, երբ արձակուրդի մէջ են: «Երբ մարդիկ արձակուրդի կ՛երթան, անոնք կը փոխեն իրենց ամէնօրեայ սովորութիւնները, որովհետեւ կապուած չեն ըլլար իրենց սովորական աշխատանքային ծրագրին»,-ըսած է տոքթոր Ֆերկիւսոն:
«Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին մենք պարզեցինք, որ արձակուրդի ընթացքին վարքի «մոտել»ները փոխուած են դէպի լաւ, աւելցած է ֆիզիքական «աքթիվութիւն»ը եւ նուազած՝ նստակեաց ապրելաձեւը, որ կը նկատուի ամէն տեղ»:
«Մենք նաեւ պարզեցինք, որ մարդիկ սկսած են ամէն օր 21 վայրկեան աւելի շատ քնանալ, երբ արձակուրդի մէջ են: Այդ կրնայ շարք մը դրական «էֆեքթ»ներ ունենալ մեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութեան վրայ: Օրինակ՝ բաւարար քունը կրնայ օգնել բարելաւելու մեր տրամադրութիւնը եւ ճանաչողական գործառոյթը: Անիկա կը նուազեցնէ շարք մը հիւանդութիւններու զարգացման վտանգը, ինչպէս՝ ճարպակալումը, շաքարախտը, սրտանօթային հիւանդութիւնները եւ «տիփրեշըն»ը»։
«Հետաքրքրական է, որ այս փոփոխութիւններու չափը աճած է արձակուրդի տեւողութեան համաձայն, հետեւաբար որքան երկար է արձակուրդը, այնքան աւելի շատ առողջութեան համար օգուտներ կան»։
Նախագիծին մէջ օգտագործուած են «մեծերու ապրելաձեւի եւ առողջութեան տարեկան ռիթմեր» հետազօտութեան տուեալները, որոնց մէջ 308 մեծ անհատ 13 ամսուան ընթացքին օրական 24 ժամ կրած են «ֆիթնես թրեքըր»ներ: Վայրկեան առ վայրկեան շարժիչային վարքի վերաբերեալ տուեալները համախմբուած են ամէնօրեայ արդիւնքներու մէջ՝ բաղդատելու համար շարժիչային վարքը արձակուրդէն առաջ, արձակուրդի ընթացքին եւ արձակուրդէն ետք:
Հետազօտութիւնը եւ աշխատանքային շաբթուան կրճատումը
Համալսարանի աւագ գիտաշխատող, փրոֆեսոր Քերոլ Մահեր կ՛ըսէ, որ հետազօտութիւնը կ՛առաջարկէ աջակցութիւն քառօրեայ շաբթուան համար աճող շարժման:
«Ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերութիւնները կը փորձարկեն աւելի կարճ աշխատանքային շաբաթ։ Զարմանալի չէ, որ աշխատակիցները կը յայտնեն աւելի քիչ «սթրես»ի, յոգնածութեան, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ հոգեկան առողջութեան եւ աւելի լաւ աշխատանքային կեանքի հաւասարակշռութեան մասին»,-կ՛ըսէ Մահեր։
«Այս ուսումնասիրութիւնը կու տայ «էմփիրիք» ապացոյցներ այն մասին, որ մարդիկ աւելի առողջ ապրելակերպ կը վարեն , երբ կարճ ընդմիջում կ՛ունենան, օրինակ՝ եռօրեայ հանգստեան օրեր: Կ՛ակնկալուի, որ ֆիզիքական «աքթիվութեան» եւ քունի այս աճը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ինչպէս մտաւոր, այնպէս ալ ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Անիկա կը դառնայ լրացուցիչ առաւելութիւն, որ կ՛ունենայ քառօրեայ աշխատանքային շաբաթ։
Կարեւոր է նշել, որ մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ նոյնիսկ կարճ արձակուրդէն ետք մարդիկ երկու շաբթուան ընթացքին աւելի երկար քնացած են, այնպէս որ եռօրեայ արձակուրդէն առողջութեան օգուտները կրնան երկարաժամկէտ ըլլալ ճիշդ արձակուրդէն ետք։
Որովհետեւ աշխարհը կը նկատուի նոր նորմային, հաւանաբար ժամանակն է օգտագործել երկար հանգստեան օրերը՝ որպէս մեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութիւնը բարելաւելու միջոց»։