Սննդամթերքը, որ մենք կ՛օգտագործենք, կրնայ ազդել ոչ միայն ֆիզիքական վիճակին, այլ՝ նաեւ ուղեղի աշխատանքին վրայ տարեց հասակին: Այդ եզրակացութեան յանգած են Այոա նահանգի համալսրանի գիտնականները, որոնց նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է “Journal of Alzheimer’s Disease” պարբերականին մէջ, Նոյեմբեր 2020-ին:
Հետազօտութեան հեղինակները վերլուծած են 46-77 տարեկան (հետազօտութեան պահուն) 1787 տարեց մարդոցմէ ստացուած տուեալները Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, UK Biobank-ի օգնութեամբ, որ կենսաբժշկական տուեալներու ու հետազօտական մեծ աղբիւր է, եւ կը պարունակէ մանրակրկիտ «ճենեթիք» տեղեկատւութիւն եւ տուեալներ՝ Մեծն Բրիտանիայէն կէս միլիոն մասնակիցներու առողջութեան մասին:
Հետազօտութեան մասնակիցները պատասխանած են ուտելիք եւ ալքոլ օգտագործելու մակարդակի մասին հարցումներուն, նաեւ՝ երկու հետագայ գնահատումներու ընթացքին: Հարցաթերթիկին մէջ, մասնակիցներուն տրուած են հարցումներ այնպիսի ուտելիքներ օգտագործելու յաճախականութեան մասին, ինչպէս՝ թարմ ուտելիքները, անիւղ ձուկը, մշակուած միսը, թռչնամիսը, կովու միսը, գառնուկի միսը, խոզի միսը, պանիրը, հացը, թէյը եւ սուրճը, գարեջուրը, կարմիր եւ սպիտակ գինին, «շամբայն»-ը եւ «լիքէօր»-ը:
Պարզուած է, որ երեք ուտելիքի՝ պանիրի, կարմիր գինիի եւ գառնուկի միսի կանոնաւոր օգտագործումը դրական կ՛ազդէ ուղեղի աշխատանքին վրայ տարեց հասակին:
Ահա հետազօտութեան չորս ամէնէն կարեւոր արդիւնքները.
- Այսօրուան դրութեամբ պարզուած է, որ պանիրը առաւել պաշտպանիչ ուտելիքն է՝ տարիքային մտային խնդիրներու դէմ, նոյնիսկ ծերութեան ժամանակ;
- Կարմիր գինիի ամէնօրեայ օգտագործումը կապուած է մտային գործառոյթներու բարելաւումին հետ:
- Պարզուած է, որ գառնուկի միսի ամէնօրեայ օգտագործումը կը բարելաւէ երկարաժամկէտ մտային ունակութիւնները:
- Աղի չափազանց մեծ քանակը վնասակար է, յատկապէս, այն մարդոց համար, որոնց մօտ արդէն իսկ հաստատուած է Alzheimer-ի բարձր վտանգը, ուստի պէտք է հետեւիլ աղ օգտագործելու չափին՝ մտային խնդիրներէն ժամանակին խուսափելու համար: