Ամերիկացի գիտնականներ Տանա-Ֆարպըր քաղցկեղի հիմնարկէն տպաւորիչ արդիւնքներ հաղորդած են երիկամներու քաղցկեղի դէմ պատուաստի քլինիքային փորձարկումի մասին: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature գիտական ամսագրին մէջ։
Ուռուցքի հեռացումէն ետք, 3-րդ կամ 4-րդ փուլի երիկամի քաղցկեղով (ccRCC) 9 անձ մասնակցած է փորձարկումի առաջին փուլին: Իւրաքանչիւրը ստացած է անհատականացուած պատուաստ: Դիտարկումի շրջանի աւարտին` 34,7 ամիս ետք, բոլոր հիւանդներուն պարագային հիւանդութիւնը վերահսկուած է առանց աշխոյժ յառաջընթացի:
Վերոնշեալ քաղցկեղը երիկամի քաղցկեղի ամենէն «ակրեսիվ» տեսակներէն մէկն է: Նոյնիսկ վիրահատութենէն եւ հիմնաչափ «իմիւնոթերափի»-էն ետք, ինչպէս՝ «բեմպրոլիզումապ»-ը, հիւանդներու երկու երրորդը կ՛ունենայ հիւանդութեան կրկնութիւն:
Նոր պատուաստը ստեղծուած է իւրաքանչիւր հիւանդի ուռուցքի մոլեքիւլային յատկանիշներու հիման վրայ, որոնք յայտնի են որպէս «նէոանթիճեն»-ներ:
Այս «նէոանթիճեն»-ները փոփոխութիւն կրած սպիտակուցներու բեկորներ են՝ յայտնաբերուած միայն քաղցկեղի բջիջներուն մէջ: Օգտագործելով «ալկորիթմ»-ներ՝ հետազօտողները կ՛ընտրեն ամենայարմար «նէոանթիճեն»-ները՝ պատուաստի մէջ ներառելու համար, որպէսզի օգնեն «սորվեցնելու» դիմադրողական համակարգին ճանչնալ եւ ոչնչացնել առկայ որեւէ քաղցկեղային բջիջներ:
Ինչպէս ցոյց տուած է հետազօտութիւնը, պատուաստը ստանալէն ետք բոլոր հիւանդները ձեւաւորած են կայուն դիմադրողական արձագանգ եւ բուժման շնորհիւ յառաջացած T բջիջները աշխոյժ մնացած են մարմնին մէջ մինչեւ երեք տարի:
«Մենք դիտարկեցինք T բջիջներու քանակի արագ եւ կայուն աճ, որոնք կրնան յարձակիլ քաղցկեղի բջիջներու վրայ: Այս նոր կարելիութիւններ կը բանայ երիկամի քաղցկեղի բուժման համար», – ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ տոքթոր Փաթրիք Օթթ: