Մոնթրէալի համալսարանէն գիտնականներ բացայայտած են, որ երիկամներու զտումի մակարդակի նուազումը ուղղակիօրէն կապուած է մտային աշխատանքի անկման հետ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Alzheimer’s & Dementia (A&D) ամսագրին մէջ:
Հետազօտութեան մասնակցած է 16 հազար առողջ կամաւոր։ Գիտնականները կեդրոնացած են մասնակիցներու երիկամային զտումի արագութեան եւ անոր ազդեցութեան՝ մտային աշխատանքի վրայ։ Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ երիկամներու զտումի աշխատանքի նուազումը կապուած է աւելի վատ ճանաչողական աշխատանքի հետ: Աւելին, այս ազդեցութիւնը պահպանուած է՝ անկախ սեռէն, կրթական մակարդակէն, մասնակիցներու մարմնի կշիռքէն եւ անոնց սիրտ-անօթային համակարգի վիճակէն։
Հետազօտութեան ծիրին մէջ իրագործուած է նաեւ կամաւորներու գլխուղեղի կեղեւի 50 հազար կէտի մանրակրկիտ «սքէն»։ Երիկամներու աշխատանքի խանգարում ունեցող մասնակիցներու մօտ նկատուած են ուղեղի «աթրոֆի»-ի նշաններ, յատկապէս ճակատային բլիթերուն մէջ: Այս ախտաբանական փոփոխութիւնները նման էին «տեմենշիա»-ով եւ «Ալզհայմըր»-ով տառապող հիւանդներու մօտ նկատուած փոփոխութիւններուն:
Գիտնականները ենթադրած են, որ երիկամներու վնասուածքը կրնայ յանգեցնել օրկանիզմին մէջ թունաւոր նիւթերու կուտակման, որոնք կը խաթարեն ուղեղի աշխատանքը: Բացի ատկէ, շաքարախտը, որ յաճախ երիկամներու անբաւարարութեան պատճառ կը դառնայ, նոյնպէս կը նպաստէ անօթներու վատթարացման՝ վատթարացնելով խնդիրը։