Նիւ Ճըրզիի Ճեքսըն Տարրալուծարանի գիտնականները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, բացայայտած են, որ կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգելու համար պէտք է սահմանափակել օգտագործուող քալորիներու քանակը, սակայն խուսափիլ երկարատեւ սովէն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature ամսագրին մէջ։
Բացայայտելու համար, թէ սննդականոնի ո՞ր տեսակը ամենէն արդիւնաւէտն է կեանքը երկարաձգելու համար, գիտնականները փորձարկում մը կատարած են մուկերու հինգ խումբի վրայ։ Հետազօտողները խուսափած են սերտօրէն կապուած տարրալուծարանի կենդանիներու օգտագործումէն՝ արդիւնքներու ճշգրտութիւնը բարձրացնելու համար։ Առաջին խումբը ստացած է անսահմանափակ քանակութեամբ սնունդ, երկրորդ խումբի քալորիները կրճատուած են 40%-ով, իսկ երրորդը՝ 20%-ով։ Չորրորդ եւ հինգերորդ խումբերը սնունդ ստացած են համապատասխանաբար շաբաթական մէկ եւ երկու անգամ:
Ի յայտ եկած է, որ այն մուկերը, որոնք կ՛օգտագործէին բնական քալորիներու 60%-ը, միջին հաշիւով 34 ամիսով աւելի երկար ապրած են, քան միւսները, որ մարդկային համարժէքով մօտաւորապէս 85 տարի է: Կրծողները, որոնք քալորիներու 20% նուազումով սննդականոնի ենթարկուած են, միջինը՝ 30 ամիս աւելի ապրած են (մօտաւորապէս 80 մարդկային տարի):
Իսկ այն կենդանիները, որոնք շաբաթական մէկ կամ երկու անգամ կերած են, կեանքի աւելի կարճ տեւողութիւն ունեցած են։ Անոնք ապրած են ընդամէնը 28 ամիս (70 մարդկային տարի): Առանց սննդականոնի սահմանափակումի՝ կրծողները ունեցած են ապրելու ամենէն կարճ տեւողութիւնը՝ միջինը 25 ամիս, ինչ որ համարժէք է մարդոց 65 տարուան։
Գիտնականներու համաձայն, կեանքի բարձր տեւողութիւնը պայմանաւորուած չէր սովով, այլ՝ քալորիներու չափաւոր կրճատումով։ Այս դիտարկումը կիրառելի էր բոլոր մուկերուն համար՝ անկախ անոնց կշիռքէն մեռած ժամանակ: Հետազօտողները աւելցուցած են, որ երկարատեւ ծոմապահութիւնը տկարացուցած է մուկերու դիմադրողական եւ վերարտադրողական համակարգերը, ինչպէս նաեւ նուազեցուցած է անոնց «էնըրճի»ի մակարդակը: Նման փոփոխութիւններ չեն նպաստեր երկարակեցութեան։
Հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ մուկերու մարմինը բոլորովին տարբեր է մարդու մարմինէն, ուստի բացայայտումները պէտք է զգուշութեամբ մեկնաբանուին: Այնուամենայնիւ, արդիւնքները կարեւոր հետեւանքներ ունին մարդու կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգելու հետագայ հետազօտութիւններու համար, որոնք սովորաբար կ՛ուսումնասիրեն նիւթափոխանակութիւնը որպէս կենսաբանական տարիքի ցուցանիշ: