Շատ տարիներ առաջ, արուեստագիտուհի Շէր լուսանկարուած է մարզասրահի գովազդին մէջ: Այնտեղ ան աներեւակայելի մարզավիճակ եւ դիւթիչ տեսք կը ներկայացնէր. ան ըսած է. «Եթէ այս ըլլար շիշի մէջ, բոլորը այսպիսի տեսք կ՛ունենային»։
Ան ուշադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն կը փորձէր ստեղծել մարզասրահի անդամագրուողներուն շուրջ, բայց իսկական ֆիզիքական փոփոխութիւնը աշխատանք կը պահանջէ: Նոյնը կը վերաբերի առողջութեան եւ երկարակեցութեան պարագային, կը գրէ Medical Xpress-ը։
Եզրակացութիւնը այն է, որ լաւագոյն առողջութեան եւ երկարակեցութեան համար պէտք է ուտել համեղ, սննդարար ուտելիք: Այս մասին կը հաստատէ Nature Food ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը:
Հետազօտողները կը փափաքէին քանակական գնահատում կատարել, թէ սննդականոնի փոփոխութիւնները ինչպէ՞ս կը բարձրացնեն կեանքի տեւողութիւնը տարբեր տարիքային խումբերու համար:
Անոնք պատրաստած են գործիք մը, որ կը գնահատէ կեանքի տեւողութեան փոփոխութիւնները՝ սնունդի ընտրութեան փոփոխութեան հետ մէկտեղ: Անոնց արդիւնքներով, 40 տարեկան մարդիկ, որոնք միջակ ձեւով կը հետեւին երկարակեցութեան հետ կապուած սննդականոնին, կրնային երեք տարիով աւելցնել իրենց կեանքի տեւողութիւնը՝ բարելաւելով իրենց սննդականոնը: Ամենէն առողջ սննդականոնով մարդիկ սննդականոնին մէջ փոփոխութիւններ կատարելով կրնան 10 տարիով բարձրացնել իրենց կեանքի տեւողութիւնը:
70-ամեայ տղամարդոց եւ կիներու համար ապառողջ սննդականոնէն երկարակեցութեան սննդականոնի անցնիլը կրնայ բարձրացնել կեանքի տեւողութիւնը երեքէն չորս տարիով:
Գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ աւելի քիչ քաղցրացուած խմելիքներ եւ վերամշակուած միս օգտագործելը, ինչպէս նաեւ ամբողջական հացահատիկային մշակաբոյսեր եւ ընկուզեղէն օգտագործելը կը յանգեցնէ կեանքի տեւողութեան զգալի աճի: