Երկիր մոլորակի աւելի քան 159,3 միլիոն բնակիչ արդէն իսկ պատուաստուած է քորոնա ժահրին դէմ: Այդ բնակչութեան աւելի քան 2 առ հարիւրն է, եթէ նկատի ունենանք այն, որ 2020-ի կէսերու դրութեամբ, ՄԱԿ-ի՝ ազգաբնակչութեան թուաքանակի հաշուարկներով, Երկրի բնակչութիւնը կը կազմէ 7 միլիառ 795 միլիոն մարդ:
ԹԱՍՍ-ի հաղորդումով, այսօր, միջինը՝ օրական մօտաւորապէս 6 միլիոն դեղաչափով պատուաստում կը կատարուի:
Համավարակի սկիզբէն վարակը ախտորոշուած է 107,8 միլիոն մարդու մօտ, աւելի քան 2,3 միլիոն մարդ մահացած է:
Ամէնէն աւելի պատուաստումներ կատարուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ աւելի քան 48 միլիոն մարդ: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Չինաստանը՝ աւելի քան 40 միլիոն պատուաստուած քաղաքացի, իսկ երրորդ տեղը՝ Մեծն Բրիտանիան՝ գրեթէ 14,1 միլիոն քաղաքացի:
Մասնագէտներու խօսքով, այժմ, աշխուժօրէն պատուաստումի արշաւ կ՛ընթանայ Հնդկաստանի (7 միլիոն մարդ) եւ Իսրայէլի մէջ (6,2 միլիոն մարդ):
Պատուաստուածներու ամէնէն բարձր ցուցանիշը Իսրայէլի մէջ է (69,3%), ԱՄԷ-ու մէջ (49,8%) եւ Սեյշէլեան կղզիներուն մէջ (49,7%): Բաղդատութեան համար՝ Բրիտանիոյ մէջ պատուաստուած է բնակչութեան 21,1%-ը, ԱՄՆ-ու մէջ՝ աւելի քան 14%-ը: