«Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւնը եւ կաթնամթերքի «ալերժի»ն շատ նման են: Մարդիկ կը կարծեն, որ անոնք նոյնն են, բայց թէ ինչպէ՞ս անոնք կը յառաջանան (եւ ինչպէ՞ս անոնք կ՛ազդեն մարմնին վրայ) շատ տարբեր են:
«Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւնը կը ներառէ մարսողական համակարգը. եթէ դուք ունիք, ուրեմն ձեր մարմինը «լաքթէյզ» չ՛արտադրեր, այն «էնզայմ»ը, որ անհրաժեշտ է «լաքթոզ»ը մարսելու համար: «Լաքթոզ»ը կաթին մէջ գտնուող շաքարն է: Փոխանակ բնական ձեւով մարսուելու ստամոքսին եւ փոքր աղիքին մէջ, չմարսուած «լաքթոզ»ը կը տեղափոխուի հաստ աղիք, ուր անիկա կը քայքայուի «պաքթիրիա»ներու կողմէ եւ կը յառաջացնէ փքուածութիւն ու կազ, որ կրնայ անհանգստութիւն պատճառել, սակայն վտանգաւոր չէ:
«Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւնը տարածուած է մեծերուն մօտ. մօտաւորապէս 30 միլիոն ամերիկացիներ կ՛ունենան մինչեւ 20 տարեկան: Անիկա աւելի ընդհանրացած է ասիական, ափրիկեան կամ բնիկ ամերիկեան ժառանգութիւն ունեցող մարդոց մօտ եւ աւելի նուազ ընդհանրացած՝ հիւսիսային կամ արեւմտաեւրոպական խորապատկեր ունեցող մարդոց մօտ:
Կաթնամթերքի «ալերժի»ն կը ներառէ դիմադրողական համակարգը. եթէ ունիք այս «ալերժի»ն, ուրեմն ձեր մարմինը կը հակազդէ կաթի եւ այլ կաթնամթերքի արտադրութիւններու սպիտակուցներուն, կարծես անոնք վտանգաւոր ըլլան: Անիկա կ՛արձակէ նիւթեր, որոնք կը յառաջացնեն «ալերժի»ի ախտանշաններ: Այս «ալերժիութեան» հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ թեթեւէն (ցան) մինչեւ ծանր (շնչառութեան դժուարութիւն, գիտակցութեան կորուստ):
Կաթնամթերքի «ալերժի»ն ամենէն ընդհանրացած «ալերժի»ներէն մէկն է, յատկապէս փոքրիկներու մօտ: Չորս տարեկանէն վար իւրաքանչիւր 100 փոքրիկներէն 2ը «ալերժի» ունի կաթի հանդէպ: Անիկա նոյնիսկ աւելի ընդհարացած է նորածիններու մօտ:
Ախտանշաններ
«Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութեան եւ կաթնամթերքի «ալերժի»ի կարգ մը ախտանշաններ կրնան նոյնը ըլլալ:
.Փորհարութիւն
.Սիրտխառնուք, երբեմն փսխուք
.Որովայնի ցաւեր
.Փքուածութիւն
.Կազ
Սակայն, կաթնամթերքի «ալերժի»ն կրնայ նաեւ հակազդեցութիւններ պատճառել մարմնին այլ մասերուն մէջ, ներառելով՝ մորթը եւ թոքերը:
.ցան
.գունատ, կարմիր բշտիկներ
.ուռեցք՝ յաճախ շրթունքին եւ դէմքին վրայ
.խռխռոց
.Պրկուածութիւն կոկորդի մէջ
.Կլլելու դժուարութիւն
Արիւն կրնայ ըլլալ նաեւ կղանքի մէջ յատկապէս նորածիններու մօտ:
«Անաֆիլաքսիս»ը լուրջ, կեանքին սպառնացող ալերժիութեան հակազդեցութիւն է եւ յաճախ կը սկսի, այն մթերքները ուտելէն քանի մը վայրկեան ետք, որոնց նկատմամբ «ալերժի» գոյութիւն ունի, սակայն երբեմն անիկա կրնայ պատահիլ ուտելէն ժամեր յետոյ: Սովորաբար կը ներառէ մէկէ աւելի ախտանշան մարմնի քանի մը մասերուն մէջ միեւնոյն ժամանակ:
Եթէ ունիք ծանր «ալերժի» կամ եթէ նախապէս ունեցած էք «անաֆիլաքսիս», ուրեմն պէտք է խօսիլ բժիշկին հետ ներարկուող «էփինեֆրին»ի մասին՝ ալերժիութեան հակազդեցութիւնը դանդաղեցնելու կամ դադրեցնելու համար:
Արդեօ՞ք հաւանական է, որ կաթնամթերքի «ալերժի» ունիմ:
Դուք աւելի հաւանական է, որ կաթնամթերքի «ալերժի» զարգացնէք, եթէ.
.ուրիշ «ալերժի«ներ ունիք
.«Էքզէմա» ունիք
.Ծնողներէն մէկը կամ երկուքը ուտելիքի կամ այլ «ալերժի» ունի, ինչպէս՝ «էքզեմա», «ազթմա»…
.Կաթի «ալերժի»ն աւելի յաճախ կը պատահի փոքրիկներու: Տարիքի յառաջացումով, աւելի նուազ կ՛ըլլայ, որ մարսողական համակարգը հակազդէ կաթին, սակայն շատ հաւանական է, որ դուք ունենաք «լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւն: