Թոքաբան տոքթոր Ռոճըր Սէուլթի կարծիքով, հակամալարիային «քլորոքուին» դեղամիջոցի դրական ազդեցութիւնը COVID-19ի բուժման ժամանակ, կապուած է անով, որ այդ դեղամիջոցը կը բարելաւէ բջիջի կողմէ «զինք»-ի իւրացումը (հիտրօքսիքլորոքուինը մօտաւորապէս նոյն ձեւով կ՛ազդէ, սակայն աւելի նուազ կողմնակի ազդեցութիւններ ունի): Թոքաբանը կը շեշտէ, որ «զինք»-ը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ COVID-19 համավարակի յաղթահարման աշխատանքին մէջ։ Այս հանքանիւթը կենսականօրէն անհրաժեշտ է դիմադրողական համակարգին: Ապացոյցներ կան, որ «զինք»-ի եւ «իոնոֆոր»-ի (փոխանցող մոլեքիւլ) համակցութիւնը կ՛արգելակէ SARS (Ծանր ընթացքով սուր շնչառական համախտանիշ) in Vitro «քորոնա» ժահրի բազմացումը։
Ուրախանալի է այն փաստը, որ հակամալարիային դեղամիջոցներէն բացի «զինք»-ի «իոնոֆոր» կը նկատուին նաեւ բնական միացումները, ինչպէս՝ «քվերզեթին»-ը (կը գտնուի խնձորի, սալորի, կարմիր խաղողի, կանաչ թէյի եւ սոխի բաղադրութեան մէջ) եւ epigallocatechin gallate-ը (կը գտնուի կանաչ թէյի բաղադրութեան մէջ)։
«Քորոնա» ժահրին դէմ աւելի պաշտպանուած ըլլալու համար, դիմադրողականութեան ամրապնդման ճամբուն վրայ, կ՛արժէ յիշել զինք-նիազին (վիթամին B3) -սելեն համադրութեան մասին․ նիազինը եւ սելենը կը բարձրացնեն զինքի կենսահասանելիութիւնը։ Մեր օրկանիզմին մէջ «զինք»-ը չի կուտակուիր, եւ վերջինիս բարենպաստ մակարդակը կախեալ է մեր ամէնօրեայ սննդակարգէն։
«Զինք»-ի հարուստ պարունակութեամբ կ՛առանձնանան հետեւեալ ուտելիքները՝ hորթի միսը, տաւարի տապկուած միսը, դդումի սերմերը՝ խարկուած վիճակին, «սիզըմի»-ի սերմերը, գառնուկի միսը, կարագով խարկուած գետնանուշը, նուշը, ընկոյզը, ոչ քաղցր տուրմը, «չետտըր» պանիրը, հաւի կրծքամիսը, ոստրէները, ծլած ցորենը, կաղամբը, «սպանախ»-ը, ինչպէս նաեւ՝ «պրոքոլին»։
Ինչպէ՞ս գիտնալ, որ օրկանիզմին մէջ առկայ է «զինք»-ի անբաւարարութիւն․ «զինք»-ի թեթեւ անբաւարարութիւնը բաւական տարածուած երեւոյթ է, յատկապէս՝ փոքրիկներու, յղի կիներու, կերակրող կիներու, ինչպէս նաեւ՝ տարեց մարդոց շրջանակներու մէջ։ «Զինք»-ի թեթեւ անբաւարարութեան մասին կրնան վկայել հարբուխով կամ «կրիփ»-ով յաճախակի հիւանդանալը, «քրոնիք» յոգնածութիւնը եւ ընդհանուր տկարութիւնը եւ վատ տեսողութիւնը։ «Զինք»-ի «քրոնիք» անբաւարարութիւնը կրնայ ազդել տեսողութեան, համի, հոտի զգացողութեան, նաեւ՝ յիշողութեան վրայ։ Եղունգներու վրայ յառաջացող սպիտակ բիծերը ազդակ են, որ օրկանիզմը բաւականաչափ քանակութեամբ «զինք» չ՛ստանար։
Օրկանիզմին մէջ «զինք» ապահովելու համար, կիներուն կը յանձնարարուի օրական 8 մկ., իսկ տղամարդոց համար՝ 11 մկ. զինք։