Ընդհանուր ակնարկ
Էփիլեբսիան, որ նաեւ յայտնի է որպէս նոպայի խանգարում (նոպան ուղեղի ելեկտրական աշխուժութեան յանկարծակի պոռթկումն է), ուղեղային վիճակ մըն է, որ կը յառաջացնէ կրկնուող նոպաներ: Էփիլեբսիայի շատ տեսակներ գոյութիւն ունին. որոշ մարդոց մօտ կարելի է բացայայտել պատճառը, սակայն ուրիշներու պարագային՝ կարելի չէ:
Էփիլեբսիան ընդհանրացած երեւոթ մըն է: Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոններու համաձայն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդոց 1,2 առ հարիւրը ունի աշխոյժ էփիլեբսիա: Էփիլեբսիան կ՛ազդէ բոլոր տարիքի, սեռերու, ցեղերու եւ էթնիկ ծագումով մարդոց վրայ:
Նոպայի ախտանշանները կրնան շատ տարբեր ըլլալ: Կարգ մը մարդիկ կրնան կորսնցնել գիտակցութիւնը նոպայի ժամանակ, մինչ ուրիշներ՝ ոչ: Որոշ մարդիկ քանի մը վայրկեան «դատարկ» հայեացք կ՛ունենան նոպայի ատեն: Ուրիշներ կրնան շարունակ սեղմել իրենց ձեռքերը կամ ոտքերը, շարժումներ, որոնք յայտնի են որպէս ցնցումներ:
Մէկ նոպայ ունենալը չի նշանակեր, որ դուք էփիլեբսիա ունիք: Էփիլեբսիան կ՛ախտորոշուի, եթէ առնուազն երկու չառաջադրուած նոպաներ ունեցած էք առնուազն 24 ժամուան ընդմիջումով: Չպատճառաբանուած նոպաները յստակ բացատրութիւն չունին:
Դեղորայքային բուժումը կամ երբեմն վիրահատութիւնը կրնան վերահսկել նոպաները էփիլեբսիայով տառապող մարդոց մեծամասնութեան մօտ: Որոշ մարդիկ կը պահանջեն բուժում կեանքի մինչեւ վերջը: Ուրիշներու պարագային նոպաները կ՛անհետանան: Էփիլեբսիայով կարգ մը փոքրիկներ տարիքի հետ կրնան գերազանցել այդ վիճակը:
Ախտանշաններ
Էփիլեբսիայի նոպայի ախտանշանները կը տարբերին՝ կախեալ ըլլալով նոպային տեսակէն: Որովհետեւ էփիլեբսիան կը յառաջանայ ուղեղի որոշ աշխուժութեան պատճառով, նոպաները կրնան ազդել ուղեղի որեւէ գործընթացի վրայ: Նոպայի ախտանշանները կրնան ներառել.
- Ժամանակաւոր խառնաշփոթութիւն.
- Սառած հայեացք կամ հայեացքի անշարժացում․
- Կարծր մկաններ.
- Ձեռքերու եւ ոտքերու անվերահսկելի ցնցող շարժումներ․
- Գիտակցութեան կորուստ.
- Հոգեբանական ախտանշաններ, ինչպէս՝ վախ, մտավախութիւն կամ «տեժա վիւ»:
Երբեմն էփիլեբսիայով տառապող մարդիկ կրնան փոփոխութիւններ ունենալ իրենց վարքին մէջ: Անոնք կրնան ունենալ նաեւ «սայքոսիզ»-ի ախտանշաններ:
Էփիլեբսիահով տառապող մարդոց մեծամասնութիւնը ամէն անգամ կ՛ունենայ նոյն տեսակի նոպաներ: Անոնց ախտանշանները նոպայի իւրաքանչիւր ժամանակ (օրինակ՝ մկաններու ցնցում, խառնաշփոթութիւն կամ սառած հայեացք) սովորաբար նոյնանման կ՛ըլլան, այլ ոչ թէ անկանխատեսելիօրէն կը փոխուին:
Պատճառներ
Էփիլեբսիան չունի հասկնալի պատճառ այս իրավիճակով մարդոց մօտաւորապէս կէսին մօտ: Միւս կէսին պարագային այս իրավիճակը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ տարբեր գործօններով, ներառեալ՝
- Ծինային ազդեցութիւն. էփիլեբսիայի որոշ տեսակներ կը պատահին ընտանիքներու մէջ: Այս պարագաներուն, հաւանական է, որ կայ ծինային ազդեցութիւն: Հետազօտողներ կապած են էփիլեբսիայի որոշ տեսակներ յատուկ ծիներու հետ: Սակայն կարգ մը մարդիկ ունին ծինային էփիլեբսիա, որ ժառանգական չէ: Փոքրիկի մը մօտ ծինային փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ առանց ծնողքէն փոխանցուելու:
Մարդոց մեծամասնութեան համար ծիները միայն մասամբ պատճառ կը դառնան էփիլեբսիայի յառաջացման։ Որոշ ծիներ կրնան մարդուն աւելի զգայուն դարձնել միջավայրի պայմաններու նկատմամբ, որոնք կը հրահրեն նոպաներ։
- Գլխու վնասուածք. ինքնաշարժի կամ այլ ծանր դէպքի պատճառով եղած գլխու վնասուածքը կրնայ յառաջացնել էփիլեբսիա:
- Ուղեղի գործօններ. էփիլեբսիան կրնայ յառաջանալ նաեւ այն պատճառով, թէ ինչպէ՞ս արեան անօթները կը ձեւաւորուին ուղեղին մէջ։ Արեան անօթներու հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ, ինչպէս՝ զարկերակային-երակային ձեւախախտումները եւ «քավերնըս» ձեւախախտումները, կրնան նոպաներ ունենալ։ Իսկ 35 տարեկանէն բարձր տարեցներու մօտ կաթուածը էփիլեբսիայի հիմնական պատճառներէն մէկն է։
- Վարակներ. մենինճիթը, HIV-ը, ժահրային «էնսեֆալիթ»-ը եւ որոշ մակաբուծային վարակներ կրնան յառաջացնել էփիլեբսիա։
- Ծնունդէն առաջ ստացուած վնասուածք․ նախքան ծնիլը, նորածինները զգայուն են ուղեղի վնասման նկատմամբ, որ կրնայ յառաջանալ տարբեր գործօններու հետեւանքով։ Անոնք կրնան ներառել մօր ունեցած վարակը, թերի սնուցումը կամ թթուածինի պակասը։ Այս ուղեղի վնասուածքը կրնայ յանգեցնել էփիլեբսիայի կամ ուղեղային կաթուածի։
- Կազմաւորման խանգարումներ․ էփիլեբսիան երբեմն կրնայ պատահիլ կազմաւորման խանգարումներու հետ միասին։ «Օթիզմ» ունեցող մարդիկ աւելի հաւանականութիւն ունին էփիլեբսիա ունենալու, քան անոնք, որոնք չունին։ Հետազօտութիւնները նաեւ ցոյց տուած են, որ էփիլեբսիայով տառապող մարդիկ աւելի յաճախ ունին կեդրոնացումի պակաս եւ գերգործունէութեան խանգարում եւ այլ կազմաւորման խանգարումներ։ Երկու խանգարումները միաժամանակ ունենալը կրնայ կապուած ըլլալ ծիներու հետ։
Նոպայի Յարուցիչներ
Նոպաները կրնան յարուցուիլ միջավայրի գործօններով։ Նոպայի յարուցիչները չեն յառաջացներ էփիլեբսիա, բայց կրնան նոպայ հրահրել մարդոց մօտ, որոնք ունին էփիլեբսիա։ Էփիլեբսիա ունեցող մարդոց մեծամասնութիւնը չունի ստոյգ յարուցիչներ, որոնք միշտ կը յառաջացնեն նոպայ։ Այնուամենայնիւ, անոնք յաճախ կրնան որոշել գործօններ, որոնք կը դիւրացնեն նոպայի յառաջացումը։ Հաւանական նոպայի յարուցիչները կը ներառեն․
- Ալքոլը
- Փայլող լոյսերը
- Ապօրինի թմրանիւթերու օգտագործումը
- Հականոպային դեղաչափեր կանոնաւոր կերպով չօգտագործելը կամ չափազանց շատ օգտագործելը
- Քունի պակասը
- Հորմոնային փոփոխութիւնները դաշտանային «սայքըլ»-ի ընթացքին
- Սթրեսը
- Ջրազրկումը
- Չկերուած սնունդը
- Հիւանդութիւնը
Վտանգի գործօններ
- Տարիք. էփիլեբսիայի առաջնային երեւոյթը առաւելաբար ընդհանրացած է փոքրիկներուն եւ տարեց մարդոց մօտ, սակայն իրավիճակը կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի։
- Ընտանեկան պատմութիւն․ եթէ էփիլեբսիայի ընտանեկան պատմութիւն գոյութիւն ունի, ապա դուք կրնաք նոպաներու մեծ վտանգի ենթարկուիլ։
- Գլխու վնասուածքներ․ գլխու վնասուածքները պատասխանատու են էփիլեբսիայի որոշ պարագաներու։ Դուք կրնաք նուազեցնել ձեր վտանգը՝ ինքնաշարժով մեկնած ժամանակ անվտանգութեան գօտին կրելով։ Նոյնպէս պէտք է կրել գլխարկ՝ հեծանիւ կամ «մոթոր» քշելու ժամանակ, չմշկելու կամ գլուխը վնասելու բարձր վտանգ սպառնացող որեւէ գործունէութիւն կատարելու ժամանակ։
- Կաթուած եւ այլ անօթներու հիւանդութիւններ․ կաթուածը եւ այլ արեան անօթներու հիւանդութիւններ կրնան յառաջացնել ուղեղի վնասուածք։ Ուղեղի վնասուածքը կրնայ յարուցել նոպաներ եւ էփիլեբսիա։ Դուք կրնաք քայլեր ձեռնարկել այս հիւանդութիւններու վտանգը նուազեցնելու համար։ Նուազեցուցէ՛ք ալքոլի օգտագործումը, մի՛ ծխէք, առողջ սննդականոնի հետեւեցէք եւ կանոնաւոր կերպով մարզանք ըրէք։
- Մտային անկում․ մտային անկումը կրնայ բարձրացնել էփիլեբսիայի վտանգը տարեց մարդոց մօտ։
- Ուղեղի վարակներ. վարակներ, ինչպէս՝ մենինճիթը, որ կը յառաջացնէ բորբոքում ուղեղին մէջ կամ ողնայարին մէջ, կրնան բարձրացնել ձեր վտանգը։
- Մանկական նոպաներ. Մանկութեան շրջանին բարձր տաքութիւնը երբեմն կրնայ կապուած ըլլալ նոպաներու հետ։ Բարձր տաքութենէն յառաջացած նոպաներ ունեցող փոքրիկները սովորաբար չեն զարգացներ էփիլեբսիա։ Էփիլեբսիայի վտանգը կը բարձրանայ, եթէ փոքրիկը ունի երկարատեւ ջերմութեամբ ուղեկցուող նոպայ, նեարդային համակարգի այլ խնդիր կամ ընտանիքին մէջ էփիլեբսիայի պատմութեան առկայութիւն։
Բարդութիւններ
Որոշ վայրկեաններու կամ իրավիճակներու մէջ նոպայ ունենալը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ուրիշներու համար։
- Իյնալ․ եթէ նոպայի ժամանակ իյնաք, կրնաք վնասել ձեր գլուխը կամ կոտրել ոսկորը։
- Խեղդուիլ. էփիլեբսիայով տառապող մարդիկ 13-19 անգամ աւելի հաւանականութիւն ունին խեղդուելու լողալու կամ լոգնալու ժամանակ, քան էփիլեբսիա չունեցողները: Վտանգը աւելի մեծ է, որովհետեւ դուք կրնաք նոպայ ունենալ ջուրին մէջ:
- Ինքնաշարժի արկածներ. նոպան, որ կը յառաջացնէ գիտակցութեան կամ վերահսկողութեան կորուստ, կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ դուք ինքնաշարժ կը քշէք կամ կ՛աշխատիք այլ սարքաւորումներով:
Շատ նահանգներու մէջ վարորդական իրաւունքի սահմանափակումներ գոյութիւն ունին, որոնք կապուած են վարորդի մը՝ նոպաները վերահսկելու կարողութեան հետ։ Այս նահանգներուն մէջ կայ նուազագոյն ժամանակամիջոց մը, որուն ընթացքին վարորդը պէտք է նոպայէ զուրկ ըլլայ, որպէսզի ստանայ վարելու արտօնութիւն։ Այդ ժամանակամիջոցը կրնայ տեւել քանի մը ամիսէն մինչեւ քանի մը տարի։
- Քունի խնդիր․ էփիլեբսիա ունեցող մարդիկ կրնան դժուարութիւն ունենալ քնանալու կամ քունը պահպանելու հետ, որ յայտնի է որպէս «ինսոմնիա»։
- Յղութեան բարդութիւններ․ յղութեան ընթացքին նոպաները վտանգաւոր են ինչպէս մօր, այնպէս ալ փոքրիկին համար։ Նաեւ, որոշ հականոպայական դեղեր կը բարձրացնեն բնածին արատներու վտանգը։ Եթէ ունիք էփիլեբսիա եւ կը ծրագրէք յղի մնալ, խորհրդակցեցէ՛ք ձեր բժիշկին հետ ձեր ծրագրին վերաբերեալ։
Էփիլեբսիա ունեցող կիներու մեծ մասը կրնայ յղի մնալ եւ առողջ զաւակներ ունենալ։ Դուք պէտք է մանրակրկիտ կերպով վերահսկողութեան ենթարկուիք յղութեան ընթացքին։ Կրնայ կարիքը զգացուիլ ձեր դեղերը կարգաւորելու։ Շատ կարեւոր է, որ յղութիւնը ծրագրելու ընթացքին համագործակցիք ձեր առողջապահական խումբին հետ։
- Յիշողութեան կորուստ. էփիլեբսիայի որոշ տեսակներ ունեցող մարդիկ յիշողութեան հետ կապուած խնդիրներ կրնան ունենալ: