Մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ առողջ մեծնալու գրաւականն է քիչ նստիլը եւ շատ շարժիլը, մինչդեռ վերջին շրջանին ճիշդ հակառակը կը նկատուի․ փոքրիկները օրուան մեծ մասը «էքրան»ներու դիմաց են, ինչ որ ուղիղ հարուած է անոնց առողջութեան՝ ընդհուպ հոգեկան:
Անոնք կը յայտնեն, թէ փոքրիկներու՝ «էքրան»ներու առջեւ ժամանակ անցընելու վտանգները բազմաթիւ են եւ ատոնց շարքին են՝
- հոգեկան առողջութեան խնդիրները,
- քունի խանգարումները,
- տեսողութեան վատթարացումը,
- կեցուածքի խանգարումները,
- շփումի եւ ընկերային խնդիրները,
- կախեալ ըլլալը (էքրաններէն):
Մանկաբոյժներու ամերիկեան ակադեմիան (AAP) կը յանձնարարէ`
- Մինչեւ 18 ամսուան փոքրիկներուն չզբաղեցնել «կատճեթ»ներով եւ չարտօնել ժամանակ անցընել «էքրան»ի առջեւ (բացառութիւն կրնան ըլլալ միայն կարճ տեսազրոյցները մտերիմ անձերու հետ),
- Երկու տարեկանէն վեր փոքրիկներուն արտօնելի է «էքրան»ներու առջեւ մնալ առաւելագոյնը 1 ժամ,
- Նախադպրոցական տարիքի փոքրիկներու համար սահմանափակել «էքրան»ային ժամանակամիջոցը`օգտագործելով զայն միասին դիտելով, խօսելով եւ բացատրելով,
- Բոլոր փոքրիկներուն, այդ շարքին` դեռահասներուն, անհրաժեշտ է լիարժէք քուն` կախեալ տարիքէն 8-12 ժամ, ֆիզիքական աշխուժութիւն (1 ժամ) եւ «միտիա»էն հեռու եղող ժամանակահատուած (օրինակ`ընտանեկան ընթրիք, այցելութիւն թատրոն, զբօսանք եւ այլն),
- Փոքրիկները պէտք չէ քնանան իրենց ննջասենեակներուն մէջ տեղադրուած սարքերով, ներառեալ հեռատեսիլները, համակարգիչները եւ «սմարթֆոն»ները:
Ծնողները պէտք է սահմանափակեն ոչ միայն «էքրան»ներու առջեւ փոքրիկներու անցուցած ժամանակը, այլ նաեւ` իրենց ժամանակը:
Պէտք է յիշել, որ ծնողքի մը վարքը ամենէն օրինակելին է փոքրիկին համար: «Էքրան»ներու առջեւ անցուցած ծնողքի մը ժամանակը կրնայ բացասական շարք մը ազդեցութիւններ ունենալ փոքրիկին համար, ինչպէս` ուշադրութեան պակասի պատճառով փոքրիկին անվտանգութեան լուրջ խնդիրներու յառաջացում: Եթէ ծնողք մը երկար ժամանակ կ՛անցընէ «էքրան»ներու դիմաց, անխուսափելի է փոքրիկին հետ հոգեկան-յուզական կապի խախտումը եւ ուշադրութեան պակասի զգացումը փոքրիկին մօտ», ըսած են մասնագէտները: