Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ «տիփրեշըն»ի վտանգը մինչեւ 30 տարեկան մարդոց մօտ, որոնք օրական երկու ժամէն աւելի կ՛անցընեն ընկերային ցանցերը օգտագործելով, շատ աւելի բարձր է, քան` չափաւոր օգտագործողներու մօտ: Ի՞նչ բանի հետ կապուած է այդ մէկը։
«Ընկերային ցանցերու վրայ բազմաթիւ երիտասարդներու ժապաւէնները «սնափառութեան տօնավաճառի» կը նմանին,- կ՛ըսէ «սայքօդերափիսթ», «Վերածնունդ» գիտագործնական կեդրոնի ղեկավար Եուրի Վիալպա,- Եթէ մեծերը կրնան բացայայտօրէն խօսիլ իրենց խնդիրներուն մասին կամ պատմել կորուստներու մասին ընկերային ցանցերու վրայ, երիտասարդները կը նախընտրեն ապացոյցներ տեղադրել այն մասին, թէ ո՞ւր գտնուած են, ի՛նչ կերած ու խմած են, որո՞ւ հանդիպած են, եւ այլն: Հետեւաբար, անոնց ընկերները յաճախ այնպիսի զգացում կ՛ունենան, որ իրենք մնացած են «կեանքի ճամբեզրին», մինչդեռ իրենց տարեկիցները կրցած են առջեւ երթալ: Անոնց համապատասխանելու անկարողութիւնը «տիփրեշըն» կը յառաջացնէ»։
Երկրորդ խնդիրը այն է, որ ընկերային ցանցերը դէպի իրենց կը «քաշեն» մարդոց: Այնտեղ «մէկ վայրկեանով» մտնող մարդը, կրնայ քանի մը ժամէն «դուրս գալ», եւ ոչինչ այնքան յուսահատութիւն կը յառաջացնէ, որքան անիմաստօրէն վատնուած ժամանակի զգացումը։
Իբրեւ հետեւանք՝ նման հանգիստէն ետք մարդ կրնայ ինքզինք աւելի յոգնած զգալ, քան մինչ այդ։ Իսկ եթէ ան պարբերաբար «կը հանգստանայ» այդ ձեւով, ապա չանցնող յոգնածութիւնը ի վերջոյ կը վերածուի «տիփրեշըն»ի։
Ընկերաբանները պարզած են, որ «տիփրեշընի մարքեր» կրնան նկատուիլ` անհատի մը աշխուժութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ, ընկերներու թիւը, անոր գրառումներու տակ «լայք»երը եւ մեկնաբանութիւնները։
«Տիփրեշըն»ի ամենաբնորոշ նշանը, որքան ալ տարօրինակ թուի, մեծ թիւով ընկերներն են եւ օգտուողի բաժանորդագրութիւնները: Եթէ մարդ բնականաբար ընկերներ կ՛աւելցնէ միայն անոնց, որոնց կը ճանչնայ իրական կեանքին մէջ, ապա «տիփրեշըն» ունեցող անձը կ՛ընդլայնէ իր ընկերներու ցուցակը պատահական ծանօթներու հաշւոյն: Միեւնոյն ժամանակ, «տիփրեշըն» ունեցող մարդոց գրառումներուն տակ բնականաբար քիչ «լայք»եր եւ մեկնաբանութիւններ կ՛ըլլան. այս մէկը կը վկայէ անոնց իրական կեանքին մէջ «վըրչուըլ ընկերներու» ցած ներգրաւուածութեան մասին:
«Տիփրեշըն» ունեցող օգտատէրերը սովորաբար կը բաժանորդագրուին հասարակական գործիչներու, «պլոկըր»ներու եւ «հետաքրքրական» մարդոց էջերուն, որոնց չեն ճանչնար, ինչպէս նաեւ կ՛անդամակցին մեծ թիւով խումբերու: Այսպիսով, անոնք կը փոխհատուցեն իրական կեանքին մէջ շփումի բացակայութիւնը։