Ճորճիայի համալսարանի գիտնականներու կողմէ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ թէյի որոշ տեսակներ կրնան օգտակար ըլլալ SARS-CoV-2 քորոնաժահրի դէմ պայքարին։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Food and Environmental Virology ամսագրին մէջ:
Փորձարկումի ընթացքին բացայայտուած է, որ սեւ թէյը, կոճապղպեղը եւ ազնուամորին, անանուխի «իւքալիփթըս»ը, անանուխի խառնուրդը եւ կանաչ թէյը կրնան 99,9 առ հարիւրով նուազեցնել թուքի մէջ գտնուող աշխուժ ժահրային մասնիկներու քանակը։ Սակայն գիտնականները չեն յանձնարարեր թէյը օգտագործել որպէս քորոնաժահրի դէմ միակ միջոց, որովհետեւ ժահրը կրնայ բազմանալ նաեւ քիթի խոռոչին մէջ։ Այնուամենայնիւ, թէյը կրնայ դառնալ COVID-19-ի ծանր տեսակի կանխարգիլման միջոց մը:
Գիտնականներու համաձայն, թէյերը կ՛ապաշխուժացնեն SARS-CoV-2-ը թուքին մէջ։ Այս նշանակալի դեր ունի «փաթոլոճիքըլ» ազդեցութեան նուազեցման մէջ, որովհետեւ ժահրը կը վարակէ բջիջները եւ կը բազմանայ բերանի խոռոչին մէջ՝ անցնելով «օրոֆէրինքս»էն նախքան հասնիլը մինչեւ թոքերը:
Թուքին մէջ ժահրի մակարդակը զգալիօրէն նուազեցնող թէյերէն են՝ ազնուամորիով կոճապղպեղը, անանուխի «իւքալիփթըս»ը, անանուխի խառնուրդը, ինչպէս նաեւ՝ կանաչ եւ սեւ թէյերը: Բացայայտուած է, որ բոլոր հինգ թէյերը 10 վայրկեանի մէջ նուազեցուցած են ժահրի քանակը բերանին մէջ առնուազն 96 առ հարիւրով, իսկ սեւ թէյը ամենէն զօրաւոր ազդեցութիւնը դրսեւորած է՝ 99,9 առ հարիւրով: Բացի ատկէ, հինգ տեսակները 99,9 տոկոսով նուազեցուցած են ժահրին քանակը ողողումէն ետք 10 վայրկեանի ընթացքին: