Սուրճի, թէյի, պտուղներու, բանջարեղէնի եւ կանաչ տերեւներու մէջ գտնուող «լիւթեոլին» միացութիւնը կրնայ դանդաղեցնել ծերացումի արտաքին նշանները եւ նուազեցնել հիւանդութեան վտանգը՝ Սասեքսի համալսարանական հիւանդանոցէն բրիտանացի թերափիսթ Ռոպ Կալըուէյի համաձայն, յայտնած է Daily Mail-ը։
Բժիշկը վկայակոչած է ճափոնցի գիտնականներու ուսումնասիրութիւնը, որ յայտնաբերած է, թէ «լիւթեոլին»-ի յաւելումները կը դանդաղեցնեն մուկերու մորթի սպիտակացումի գործընթացը: «Լիւթեոլին»-ը բնական հակաօքսիտանդ է, որ կ՛օգնէ պաշտպանելու բջիջները ազատ «ռատիքալ»-ներու (անկայուն մոլեքիւլներ) վնասակար ազդեցութենէն:
Նակոյայի համալսարանի գիտնականները «լիւթեոլին» տուած են մուկերուն, որոնք ծինայինօրէն հակում ունէին վաղաժամ գորշացման, թէ՛ որպէս քսուկ եւ թէ՛ կուլ տալու միջոցով: Արդիւնքը՝ կենդանիներու «մելանոսայթ»-ները, այսինքն «փիկմենթ»-ային այն բջիջները, որոնք պատասխանատու են մազերու գոյնին, սկսած են բնական գործել։
Գիտնականները նաեւ յայտնաբերած են, որ «լիւթեոլին»-ը կը նուազեցնէ p16INK4A ծինի աշխուժութիւնը, որ բջիջային ծերացման հիմնական ցուցանիշներէն մէկն է: Այս ծինը ազդանշան կ՛ուղարկէ բջիջներուն դադրեցնելու բաժանումը եւ մտնելու վերականգնման վիճակի մէջ: Տարիքի բերումով անոր աշխուժութիւնը կը բարձրանայ՝ նպաստելով կենսաբանական ծերացման։
Բժիշկ Կալըուէյը նշած է, որ մազերու մոխրագոյն դառնալու մեքանիզմները նոյնպէս կը նպաստեն սրտի հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի զարգացման։ Ան առաջարկած է, որ «լիւթեոլին»-ի կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ օգնել պահպանելու ընդհանուր առողջութիւնը: Ան նաեւ նշած է, որ ազատքեղը, պրոքոլի-ն, պտուղները, բանջարեղէնը, թէյը եւ սուրճը այս միացութեան հարուստ աղբիւրներն են։