Աւստրալիացի հետազօտողներ բացայայտած են «թորին»ի (taurine) եւ սեւ պղպեղի լուծոյթի համադրութեան արդիւնաւէտութիւնը` սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի գործօնը նուազեցնելու աշխատանքին մէջ։ Վիքթորիայի համալսարանի գիտնականներու հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ։
Երկար դարեր բնական մթերքները օգտագործուած են սրտանօթային եւ շատ այլ հիւանդութիւններու բուժման համար։ Մասնաւորաբար, վերջին շրջանին «թորին»ին եւ սեւ պղպեղին մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի՝ շնորհիւ սրտի համար ատոնց նպաստաւոր ազդեցութիւններուն՝ հիմնուած հակաբորբոքային, «հակահայփըրթենսիվ», «հակաօքսիտանդ» եւ «հակաաթերոսկլերոսային» յատկութիւններու։
«Թորին»ը սուլֆաթթու է (ծծումբ պարունակող ամինաթթու), որ օրկանիզմին մէջ կը յառաջանայ «սիսթէին»էն եւ «մեթիոնին»էն։ Սակայն «թորին»ի մեծ մասը օրկանիզմը կը ստանայ ծովային ուտելիքներու, հաւկիթի, միսի եւ թռչնամիսի օգտագործումէն։ «Թորին»ը ունի հակաբորբոքային ազդեցութիւն։ Բացի ատկէ, անիկա նաեւ կրնայ կանոնաւորել արեան ճնշումը ու անօթային «թոն»ը։
Սեւ պղպեղը լայնօրէն կ՛օգտագործուի շատ հիւանդութիւններու բուժման համար՝ «թերփին»ներու բարձր պարունակութեան շնորհիւ։ Այդ «պայոէքթիվ» միացութիւնները օրկանական միացութիւններու այլազան կարգ մը կը ներկայացնեն, որոնք սովորաբար կը գտնուին բուսական հիմք ունեցող եթերաիւղերու մէջ։ Ունին «հակաօքսիտանդ», հակաբորբոքային, «հակահայբըրլիթիտեմիք», արեան ճնշումը նոազեցնող յատկութիւններ։ Հեղինակները իրենց աշխատանքին մէջ գնահատած են այդ համադրութեան յատկութիւնները եւ արդիւնաւէտութիւնը։
Քանի մը հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ սուր եւ քրոնիք բորբոքումը վճռական դեր կը խաղայ սրտանօթային հիւանդութիւններու ծանրութեան եւ խորացման հարցին մէջ։ «Պայոէքթիվ» միացութիւնները, որոնք առկայ են «թորին»ին եւ սեւ պղպեղին մէջ, զգալիօրէն կը տկարացնեն բորբոքային «միտիյէյթըրներու էքսփրեշըն»ը՝ նուազեցնելով բորբոքումով միջնորդաւորուած ախտահարման ծանրութիւնը։