Թոքերու հիւանդութիւններ, այդ շարքին «ասթմա» ունեցող մարդիկ, պէտք չէ դիմակ օգտագործեն, որովհետեւ այդ մէկը կը դժուարացնէ շնչառութիւնը:
Եթէ մարդ թոքերու հիւանդութիւն ունի, սակայն դիմակ կրելը նեղութիւն չի պատճառեր, ապա ան պէտք է զայն կրէ «քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար: Հակառակ պարագային, դիմակ կրել չի յանձնարարուիր:
Բժիշկներու խօսքով՝ «ասթմա»-ով տառապող մարդոց մօտ կրնայ հիւանդութեան յանկարծակի սրացում սկսիլ տաք օդի պատճառով: Բրիտանացի բժիշկներու խօսքով՝ դիմակ պէտք է կրեն միայն բժիշկները: Սովորական մարդիկ ատոր կարիքը չունին: