Չնայելով փոքրիկներուն ճիշդ կերակրելու մասին ահռելի քանակութեամբ հասանելի տեղեկութիւններուն՝ շատ ժամանակակից ծնողներ սխալներ կը կատարեն փոքրիկին կերակրելու իրենց ձեւերուն մէջ: Այս մասին La Vanguardia-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած են սպանացի սննդաբաններ Լուսիա Մարտինես եւ Այթոր Սանչես: Սանչեսի խօսքով, փոքրիկներու համար նախատեսուած կերակուրի 95 առ հարիւրը իրականութեան մէջ կը վնասէ անոնց առողջութեան:
Մարտինես, իր կարգին, նշած է, որ այդ հարցին մէջ ծնողներու գլխաւոր սխալը, որպէս կերակուր, կուրծքի կաթը փոխարինող սնունդի օգտագործումն է առողջ մանուկի կեանքի 6 ամիսը վերջացնելէն ետք:
Մասնագէտներուն խօսքով՝ անոնցմէ աւելի մեծ տարիքի փոքրիկներուն կարելի չէ «նակետցներ» եւ ձուկի ձողիկներ տալ, աւելի լաւ է անոնց համար միս կամ թարմ ձուկ պատրաստել:
«Եթէ փոքրիկը պինդ սնունդ կը փորձէ, կ՛ուսումնասիրէ ատոր կառուցուածքը եւ համերը, կը սկսի հասկնալ, որ անիկա միասեռ չէ, իսկ երբ մենք անոր բիւրէ, կաշաներ եւ կաթնային խառնուրդ կու տանք, փոքրիկը կրաւորական կը դառնայ»,- նշած է Մարտինես:
Իր կարգին, Սանչես նշած է, որ ծնողները պէտք է ուշադիր ըլլան այնպիսի ուտելիքներէ, ինչպէս՝ ընկոյզ, խաղող, «չերրի լոլիկ», սպանախ եւ ձուկ: Ատոնցմէ որոշները կրնան յանգեցնել պրոնխի (bronchus) փակումին, իսկ միւսները վտանգաւոր են «նայթրէյթի» բարձր պարունակութեամբ եւ աղտոտած են սնդիկով: