«Մայոնեզ»-ը կը նկատուի ամէնէն շատ քալորի ունեցող եւ վնասակար ուտելիքներէն մէկը աշխարհի մէջ, եւ «Մայոնեզ»-ի յաւելումը, առաջին հայեացքէն, օգտակար աղցաններու մէջ, չափազանց վնասակար է թէ՛ առողջութեան, թէ՛ կազմուածքի համար։ Ինչո՞վ կարելի է փոխարինել «մայոնեզ»-ը աղցաններու մէջ: Իր նկատառումները, այս առիթով, NEWS.am Medicine-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին, յայտնած է պարենային անվտանգութեան հարցերու փորձագէտ Դաւիթ Պիպոյեան։
Ինչո՞ւ «մայոնեզ»-ը վտանգաւոր է
«Մայոնեզ»-ի առաջին խնդիրը, մասնագէտներու կարծիքով, անոր մէջ ճարպերու բարձր պարունակութիւնն է։ Իսկ այդ մէկը կը նշանակէ աւելորդ քալորիներ, որոնք կը նպաստեն աւելորդ կշիռք հաւաքելուն. կը մեծնայ ենթաստամոքսային գեղձի եւ ամբողջ օրկանիզմի բեռնուածութիւնը։
Միւս խնդիրը համի ուժեղացուցիչներն են, այդ շարքին եւ աղի, որ «մայոնեզ»-ի մէջ սովորաբար բաւական շատ է։ Աղը, ինչպէս յայտնի է, կը նպաստէ զարկերակային ճնշումի բարձրացման՝ այստեղէն բխող հետեւանքներով։
Այսպէս կոչուած «տայեթիք մայոնեզ»-ը իրականութեան մէջ աւելի լաւ չէ սովորականէն, քանի որ անոր մէջ ճարպի մէկ մասը՝ անհրաժեշտ բաղադրութիւնը ստանալու համար կը փոխարինեն տարբեր սինթեթիք նիւթերով, որոնցմէ շատերը բնաւ օգտակար չեն առողջութեան համար։
Ինչո՞վ փոխարինել «մայոնեզ»-ը
Դաւիթ Պիպոյեան խորհուրդ կու տայ աղցանները համեմելու սովորական մածունով, որ Հայաստանի մէջ շատ տարածուած ուտելիք է, ոչ միայն համեղ, այլ նաեւ օգտակար։ Որպէսզի աղցանը հետաքրքրական եւ համեղ ըլլայ, մածունէն կարելի է պատրաստել ինքնատիպ սոս աղացած պիպարով, սխտորով (կամ սխտորի փոշիով) կամ այլ համեմներով՝ ըստ ճաշակի։
Նման սոսը, ինչպէս նշած է մասնագէտը, աւելի առողջարար եւ օգտակար է «մայոնեզ»-էն. մածունը կը լաւացնէ մարսողութիւնը եւ օգտակար է աղիքներու համար, իսկ քալորին շատ աւելի ցած է, քան «մայոնեզ»-ինը։
«Մայոնե»-ի մէկ այլ փոխարինող է ոչ քաղցր յունական եոկուրթը՝ ըստ համային ճաշակի համեմներով։ Որոշ մասնագէտներ խորհուրդ կու տան անոր աւելցնել քիչ մը մանանեխ այլ համեմներու հետ, այդպէս կը ստացուի սոս, որ համով շատ նման է «մայոնեզ»-ին։
Իսկ որոշ աղցաններ, կարելի է համեմել քիչ զտուած ձիթաիւղով: Անիկա յայտնի է դրական ազդեցութեամբ սրտանօթային համակարգի վրայ, ինչպէս նաեւ մոնօ-չյագեցած ճարպաթթուներու պարունակութեամբ, որոնք օգտակար են օրկանիզմի համար։ Եւ, պէտք է յիշել, որ անիկա, ինչպէս եւ որեւէ այլ ուտելիք, չ՛արժեր չարաշահել։