Սենթ Էնտրուզի համալսարանէն հետազօտողներ որոշած են պարզել պատճառները, թէ ինչո՞ւ մարդիկ չեն հետեւիր «քորոնա» ժահրի տարածումը սահմանափակող միջոցառումներուն։
Մարդիկ ենթագիտակցօրէն կ՛ընդօրինակեն իրենց հասարակական/ընկերային խումբի անդամներուն վարքագիծը, հետեւաբար, եթէ անոնք խախտեն նախազգուշական միջոցառումները, ապա այդ մարդիկը չեն հետեւիր կանոններուն եւ սահմանափակումներուն, յայտնած է «The Daily Mail»-ը։
Հետազօտութեան հեղինակները ընկերային փորձ մը կատարած են, որու ծիրին մէջ, 1000 մասնակիցներ բաժնած են երկու խումբի՝ կարմիր եւ կապոյտ, իւրաքանչիւր խումբին մէջ ընդգրկելով նման հետաքրքրութիւններով եւ բնաւորութեան գիծերով մարդիկ։ Բուն փորձը կատարելու ժամանակ, մասնակիցները չէին գիտեր, թէ այս կամ այն մարդը որ խումբին կը պատկանի։
Գիտնականները այս ձեւով փորձած են պարզել, որ հետազօտութեան մասնակիցները կ՛ընդօրինակե՞ն արդեօք իրենց ընկերային խումբէն մարդոց վարքագիծը։ Պարզուած է, որ կամաւորները ընդօրինակած են միայն իրենց խումբի անդամներուն գործողութիւնները։
Այս հարցին վերաբերեալ, հետազօտողները առողջապահութեան մարզի աշխատակիցներուն եւ քաղաքական գործիչներուն կը յանձնարարեն բնակչութեան՝ COVID-19-ի դէմ հաւաքական պայքարի կոչ ուղղել, որպէսզի հանրութիւնը հետեւի սահմանափակող միջոցառումներուն։
Գիտնականներու կարծիքով՝ մարդիկ նախազգուշական միջոցառումներուն չեն հետեւիր, որովհետեւ բարձրաստիճան անձեր իրենք խախտումներ կը կատարեն։ Անոնք իբրեւ օրինակ ներկայացուցած են Սկովտիոյ գլխաւոր առողջապահական բժիշկ Քեթրին Քալտերվուտը, որ պաշտօնանկ եղած է, երբ ինք անտեսած է ընկերային հեռաւորութիւն պահելու կանոնը։ Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մեթ Հենքոք, նոյնպէս, քանի մը առիթներով առանց պաշտպանական դիմակի տեսնուած է։