Չ՛արժեր աճապարել թոշակի անցնիլ՝ կը պնդեն Պինհեմթընի համալսարանի գիտնականները: Անոնք պարզած են, որ մինչեւ 60 տարեկան թոշակի անցած մարդիկ, յաճախ կը բախին թուլամտութեան խնդիրին:
Աշխատանքի բացակայութիւնը կ՛արագացնէ մտային ունակութիւններու եւ յիշողութեան որակի նուազեցումը: Ինչպէս նաեւ կը նուազի ընկերային աշխուժութեան մակարդակը եւ այլ մարդոց հետ յարաբերութիւնը, իսկ ընկերային մեկուսացումը, ինչպէս յայտնի է, վտանգաւոր է մարդու համար, գրած է The Daily Mail-ը:
Վերլուծելով 17 500 տարեցներու տուեալները՝ գիտնականները յայտնաբերած են, որ թոշակ ստացող մարդոց մօտ արձանագրուած է մտաւոր ունակութիւններու վատթարացում, քան աշխատող տարեցներու մօտ: Թոշակառուներու մօտ ամէնէն շատ վնասուած է յիշողութիւնը: Անոնք յիշողութեան քննութիւնները յաղթահարած են 20 առ հարիւրով աւելի վատ՝ բաղդատելով նոյն տարիքի աշխատող մարդոց հետ: