«Սոպըր Հոկտեմբեր» հասկացութեան ճանաչումը եւ ըմբռնումը առաջին քայլն է դէպի՝ կեանքը փոփոխութեան ենթարկող այս նախաձեռնութիւնը ընդունելու միտքին:
«Սոպըր Հոկտեմբեր»ը միամսեայ արշաւ է, ուր անհատներ յանձնառու կ՛ըլլան խուսափելու ալքոլէն ամբողջ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին։
Այս հասկացութիւնը սկիզբ առած է Աւստրալիոյ մէջ որպէս «Oc-Sober», Life Education-ի կողմէ, առողջապահական կազմակերպութիւն մը, որ նպատակադրած է խթանել աւելի առողջ ապրելաձեւ երիտասարդներու եւ դեռահասներու համար եւ իրազեկ դարձնել թմրանիւթերու եւ ալքոլի վտանգներուն մասին: «Սոպըր Հոկտեմբեր»-ը հետագային ստեղծուած եւ ներկայացուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հիմնուած քաղցկեղի բարեգործական Macmillan Cancer Support կազմակերպութեան կողմէ:
Տոքթոր Լինա Ուեն, շտապ օգնութեան բժիշկ եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի փրոֆեսոր, ինչպէս նաեւ նախապէս Պալթիմորի առողջապահութեան յանձնակատար, յայտնած է, թէ գոյութիւն ունին երեք խնդիրներ, որոնք պէտք է հաշուի առնուին հետեւեալ հարցումին պատասխանելու համար. «Ալքոլի որքա՞ն քանակը կը նկատուի որպէս «չափազանց շատ» (առողջութեան տեսանկիւնէն):
Առաջինը՝ թէ որքան մարդ կանոնաւոր կերպով խմիչք կ՛օգագործէ: Մեծեր, որոնք խմելու օրինական տարիքին մէջ կը գտնուին, պէտք չէ օգտագործեն օրական մէկէ աւելի խմիչք կիներու համար եւ օրական երկու խմիչք տղամարդոց համար, «Ամերիկեան սննդականոնի ուղեցոյցներ ամերիկացիներու համար»-ի համաձայն:
Այս արդիւնքները կամ եզրակացութիւնները հիմնուած են հետազօտութիւններու վրայ, որոնք ցոյց կու տան, թէ խմելու նշեալ քանակներու բարձրացումով առողջական խնդիրներու վտանգը կը մեծնայ: Կանոնաւոր հիմքերով օգտագործուող ալքոլի մեծ քանակը կապուած է քրոնիկ հիւանդութիւններու բարձր վտանգի հետ, ինչպէս՝ սրտի հիւանդութիւն, քաղցկեղի քանի մը տեսակներ եւ կանուխ մահ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, տարեկան մօտաւորապէս 178,000 մարդ կը մահանայ ալքոլի հետ կապուած հիւանդութիւններէ։ Ալքոլի հետ կապուած լեարդի հիւանդութիւնը լեարդի փոխպատուաստումի առաջատար պատճառն է:
Երկրորդ խնդիրը այն է, թէ արդեօ՞ք անձը կ՛օգտագործէ մեծ քանակութեամբ խմիչք կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Այս վարքագծային օրինաչափութիւնը, ամերիկեան Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնին համաձայն կը սահմանուի որպէս չորս կամ աւելի խմիչք մէկ առիթով կիներու համար եւ հինգ կամ աւելի խմիչք մէկ առիթով տղամարդոց համար: Մարդիկ, որոնք չափէն աւելի խմիչք կ՛օգտագործեն կարճ ժամանակի մէջ, վնասուածքներ ունենալու աւելի բարձր վտանգի ենթակայ են, ինչպէս՝ ինքնաշարժի արկածներ, իյնալ եւ խեղդուիլ: Բացի ատկէ, ալքոլի մեծ քանակի օգտագործումը մէկ անգամէն աւելի «սթրես»ի կ՛ենթարկէ (մարդոց) օրկանները, քան եթէ խմիչքը բաժնուի ժամանակի վրայ:
Գոյութիւն ունի երրորդ նկատառում մը, թէ արդեօ՞ք անհատը ալքոլի օգտագործման խանգարում ունի: Ասիկա թմրամիջոցներու օգտագործման ամենէն ընդհանրացած խանգարումն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր մօտաւորապէս 29 միլիոն չափահաս ամերիկացիներ կը համապատասխանեն ախտորոշման չափանիշներուն:
Այս վիճակին ախտորոշման համար կան քանի մը բանալիներ: Անոնցմէ մէկը վերահսկողութեան կորուստն է, օրինակ՝ մէկը, որ խմելու սկսելէն ետք չի կրնար դադրեցնել զայն կամ չի կրնար վերահսկել խմելու քանակը եւ ժամանակը:
Միւսը՝ աշխատանք կատարելու, ծնողական եւ այլ կարեւոր պարտաւորութիւններ ընելու դժուարութիւններ ունենալն է: Անհատներ կրնան նաեւ զգալ ֆիզիքական ախտանշաններ, երբ անոնք դադրեցնեն խմելը, ինչպէս՝ սիրտխառնուք, քրտնարտադրութիւն եւ անհանգստութիւն:
Ինչպէ՞ս կրնայ «Սոպըր Հոկտեմբեր»ը օգնել մարդոց
Ձեւերէն մէկը մարդոց մղելն է, որ գնահատեն, թէ իրականութեան մէջ որքա՞ն ալքոլ կ՛օգտագործեն անոնք: Կարգ մը անհատներ կրնան զարմանալ, թէ որքա՜ն կը խմեն մէկ շաբթուան ընթացքին: Ուրիշներ կրնան մղուիլ՝ գնահատելու իրենց յարաբերութիւնները ալքոլին հետ, եւ թէ ինչպիսի՞ կացութիւններու մէջ անոնք կը խմեն, ըսած է տոքթ․ Լինա Ուենը:
Արդեօ՞ք անոնք կը խմեն, երբ ընկճախտի մէջ են, անհանգիստ եւ մինակ են: Արդեօ՞ք ամօթ կը զգան կամ կորսնցուցած են վերահսկողութիւնը, թէ որքան ալքոլ կ՛օգտագործեն: Արդեօ՞ք ալքոլի օգտագործումը կ՛ուղեկցուի այլ թմրանիւթերով: Ասոնք նախազգուշացնող նշաններ են եւ մարդիկ պէտք է յաւելեալ օգնութիւն փնտռեն իրենց առաջնային խնամատարէն:
Ո՞վ պէտք է փորձէ «Սոպըր հոկտեմբեր»ը եւ ո՞վ ո՛չ
Տոքթոր Լինա Ուենի համաձայն ուեւէ մէկը, որ ալքոլ կը խմէ, կրնայ փորձել «Սոպըր» Հոկտեմբերը: Անոնք կրնան գիտնալ, թէ առողջ յարաբերութիւններ ունին ալքոլի հետ, նաեւ՝ բացայայտել, որ գոյութիւն ունի խնդիր մը, որուն մասին նախապէս տեղեակ չէին: Անոնք կրնան ի յայտ բերել, որ խնդիր չունին, բայց քիչ քանակութեամբ խմելէն ետք աւելի լաւ կը զգան եւ ուրախ են ալքոլի վերաբերեալ խնայողութիւն ընելով:
Մարդիկ, որոնք կը նկատեն խմելէն դադրելու պատճառով ախտանշաններ, պէտք է դիմեն բժշկական օգնութեան, որպէսզի կարենան վերջնականապէս ձգել ծխելը: Այս անհատներուն համար յանկարծակիօրէն կանգ առնելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: