Ապրելակերպը մեծ նշանակութիւն ունի մեր ծերանալու առումով, կը շեշտէ սրտաբան, Միււնիխի (Գերմանիա) Արհեստագիտական համալսարանի բժշկական ստորաբաժանումի նախազգուշական եւ վերականգնողական սփորթային բժշկութեան ամպիոնի աւագ բժշկական տնօրէն Մարտին Հալեն: Առողջ ապրելակերպ ունեցող մարդիկ աւելի դանդաղ կը ծերանան եւ աւելի երիտասարդ տեսք կ՛ունենան՝ ի տարբերութիւն վատ սովորութիւններ ունեցող մարդոց:
“Focus” պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ, սրտաբանը նշած է, որ բոլոր մարդոց մօտ օրկանիզմը կը ծերանայ տարբեր արագութեամբ, սակայն միեւնոյն ժամանակ որոշ մարդիկ կը գտնուին լաւ վիճակի մէջ 60 տարեկանին, ուրիշներ արդէն 30 տարեկանին ունին առողջական տարբեր խնդիրներու մասին գանգատներ:
Ատոր պատճառներէն են ոչ միայն «ճիները», այլ նաեւ կենսակերպը, կ՛ընդգծէ մասնագէտը:
Մարտին Հալէի խօսքով՝ կան տարբեր գործօններ, որոնք կը ստիպեն մեզ աւելի արագ ծերանալու.
- անգործութիւնը,
- աւելորդ կշիռքը,
- սթրեսը,
- սննդարար նիւթերու պակասը,
- ծխելը,
- արեան բարձր ճնշումը,
- արեան մէջ «լիփիտներու» բարձր պարունակութիւնը,
- շաքարախտը:
Եթէ մարդ կը փափաքի աւելի երկար մնալ առողջ եւ ունենալ երիտասարդ տեսք՝ անկախ տարիքէն, անհրաժեշտ է հեռանալ վերոնշեալ բոլոր վտանգաւոր գործօններէն, կը շեշտեն մասնագէտները: