Աւելորդ կշիռքը իսկապէս կը բարձրացնէ քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի զարգացման վտանգը, պարզած են բրիտանացի գիտնականները:
Հետազօտութեան ընթացքին, որու արդիւնքները հրապարակուած են The Lancet Diabetes & Endocrinology-ին մէջ, մասնագէտները ուսումնասիրած են գրեթէ 7 միլիոն բրիտանացիներու տուեալները, որոնց մօտ քորոնա ժահրը յայտնաբերուած է համավարակի առաջին ալիքի ժամանակ:
Հետազօտողները նկատած են, որ 23-էն վեր մարմինի զանգուածի «ինտեքս»-ով մարդոց մօտ մեծ եղած է քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի զարգացման եւ մահուան վտանգը:
Այդպիսով, նոյնիսկ ոչ մեծ աւելորդ կշիռքը՝ անկախ մարդու մօտ շաքարախտի առկայութենէն, կրնայ յանգեցնել բարդութիւններու:
Օքսֆորտի համալսարանէն բժիշկ Քարմէն Պյերնասի խօսքով՝ 80 տարեկանէն ետք կշիռքը գրեթէ չ՛ազդեր քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի զարգացման հաւանականութեան վրայ: