Դդումի կորիզները կը նուազեցնեն բորբոքումի մակարդակը օրկանիզմին մէջ․ անոնք բջիջանիւթի եւ «հակաօքսիտընթ»-ներու հարուստ աղբիւր են, ինչպէս նաեւ կը կանոնաւորեն արեան ճնշումը։ Այս մասին Healthnews պարբերականին յայտնած է բրիտանացի թերափիսթ Քեթրին Հայըթը։
Բժիշկին խօսքով՝ դդումը եւ դդումին կուտերը ունին շարք մը օգտակար յատկութիւններ։ Անոնք կրնան հակաբորբոքային, «հակապաքթիրիըլ» եւ հակաքաղցկեղային ազդեցութիւն ունենալ, ինչպես նաեւ՝ նուազեցնել շաքարախտի եւ արեան բարձր ճնշումի զարգացման հաւանականութիւնը։
Այս առաւելութիւնները պայմանաւորուած են դդումի կորիզներուն մէջ «հակաօքսիտընթ»-ներու բարձր պարունակութեամբ, նիւթեր, որոնք կրնան օրկանիզմի բջիջները պաշտպանել անկայուն «մոլեքիւլ»-ներու՝ ազատ «րէտիքըլ»-ներու պատճառած վնասներէն։
Դդումի կուտերը հարուստ են նաեւ բջիջանիւթով (բուսական սննդային թելեր), որ կ՛օգնէ աղիքներուն պայքարելու բորբոքային գործընթացներու դէմ եւ բարձրացնելու օգտակար մանրէներու թիւը, ինչպէս նաեւ՝ պահելու արեան մէջ շաքարի բարենպաստ մակարդակը։
Բժիշկը աւելցուցած է, որ այս ուտելիքը կրնայ բարելաւել տղամարդոց վերարտադրողական առողջութիւնը՝ բարձրացնելով սերմնահեղուկի որակը։ Այս մասին կը վկայէ առնէտներու վրայ կատարուած հետազօտութիւնը, որ կատարուած է 2013 թուականին։ Բացի ատկէ, դդումի կորիզները «զինք»ի հիանալի աղբիւր են, որ իր կարգին կը բարձրացնէ «թեսթոսթերոն»ի մակարդակը։ Ան նշած է, որ դդումի կորիզները չ՛արժեր դիտարկել որպէս «իրեքթայլ» աշխատանքի խանգարումի բուժման միջոց, որովհետեւ հետազօտութիւններ այս ուղղութեամբ չեն կատարուած։ Այնուամենայնիւ, այդ կորիզներու օգտագործումը կ՛օգնէ բարելաւելու սնունդի որակը, ինչ որ կը նուազեցնէ տղամարդոց սերունդ վերարտադրելու սեռային կարողութեան հետ կապուած խնդիրներու զարգացման վտանգը ընդհանուր առումով։