Մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացումը բաւական տարածուած խնդիր է այս կամ այն հիւանդութեան պարագային, սակայն յաճախ ծնողները չեն կրնար կողմնորոշուիլ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է նուազեցնել փոքրիկի մը տաքութիւնը եւ ի՞նչ բան կարելի չէ կատարել նման խնդիրի մը պարագային։
Այսպիսով, փոքրիկի մը տաքութիւնը պէտք է նուազեցնել, եթէ անիկա 38,5 °C եւ բարձր է: Տաքութիւնը իջեցնող դեղը կը նշանակուի բժիշկին կողմէ փոքրիկի մը կշիռքին կամ տարիքին համապատասխան դեղ նշանակելով: Տաքութիւնը իջեցնելու համար կարելի է ձեռնարկել որոշ միջոցառումներ.
Փոքրիկին յաճախ պէտք է կերակրել. տալ հեղուկներ, եթէ փոքրիկը աւելի մեծ է տարիքով. թեթեւ հագցնել եւ չծածկել:
Փոքրիկին տալ տաքութիւնը իջեցնող կամ ցաւազրկիչ բժիշկին յանձնառութեամբ՝ ըստ փոքրիկին կշիռքին կամ տարիքին: Մէկ ժամ անց դարձեալ չափել տաքութիւնը: Եթէ հարցումներ ըլլան, հեռաձայնել բժիշկին:
Կարելի չէ՝
- Տաքութիւն ունեցող փոքրիկին մարմնին դպցնել պաղ իրեր: Այդ կը նպաստէ մաշկի անօթներու «սփազմ»ին: Փոքրիկի մը մաշկին տաքութեան նուազեցումը վտանգաւոր է, որովհետեւ անիկա կը յանգեցնէ ներքին օրկաններու ջերմաստիճանի բարձրացման:
- Մարմինը շփել «սփիրթոյով» կամ քացախով, որովհետեւ նշուած նիւթերը կրնան ներծծուիլ մաշկին միջոցով՝ յառաջացնելով թունաւորում:
Եթէ ձեր փոքրիկին մաշկը բարձր տաքութեան ժամանակ վարդագոյն է եւ խոնաւ, կրնաք համեմատաբար հանգիստ ըլլալ, որովհետեւ այդ կը վկայէ, որ չեն խախտուած ջերմարտադրութեան եւ ջերմատուութեան գործընթացները:
Եթէ բարձր տաքութեան ժամանակ մաշկը գունատ է, ձեռքերն ու ոտքերը պաղ, իսկ փոքրիկը կը դողայ, այդ կը փաստէ անօթներու «սփազմ»ի մասին: Այսպիսի պարագաներուն պէտք է բացառել բոլոր ֆիզիքական զովացնող մեթոտները՝ շատ պաղ ցնցուղը, պաղ սաւանով փաթթելը եւ այլն ու անհրաժեշտ է անյապաղ դիմել բժիկի:
Ի՞նչ դեղեր ընտրել
Դեղերը ընտրելու ժամանակ /հեղուկ, օշարակ, դեղահատ…/ անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ դեղերը հեղուկ եւ օշարակ վիճակին մէջ կ՛ազդեն 20-30 վայրկեանի ընթացքին, «սիւփոզիթոր»ը՝ 30-45 վայրկեանի ընթացքին. «սիւփոզիթոր»ը կ՛օգտագործեն, եթէ երեխան փոքր է, կը փսխէ կամ կը մերժէ խմել: