Արեան բարձր ճնշում եւ սրտանօթային համակարգի այլ «փաթոլոճի»ներ ունեցող մարդիկ երկար թռիչքներու ժամանակ պէտք է տարբեր շարժին օդանաւին մէջ, ըսած է սրտաբան Անասթասիա Լեպետեւա։
Ամառը արձակուրդներու եւ ճամբորդութիւններու եղանակ է։ Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է ճամբորդեն արեան բարձր ճնշում ունեցող մարդիկ:
Նախ՝ սրտաբանը կը յանձնարարէ, որ նախօրօք պէտք է ստուգել, որ ճամբորդական պայուսակին մէջ կան բոլոր նշանակուած դեղերը՝ բաւարար պաշարով։
Երկրորդ, երկար թռիչքներու ժամանակ պէտք է անպայման ելլել նստած տեղէն եւ շրջիլ օդանաւին մէջ, որպէսզի արիւնը շրջագայի ամբողջ օրկանիզմին մէջ եւ ճնշումը իջնէ, ինչպէս նաեւ խորունկ երակային «թրոմպոզ» չյառաջանայ: Երրորդ, պէտք է բաւարար ջուր խմել եւ հրաժարիլ ալքոլէն, յայտնած է մասնագէտը:
Եթէ վերջերս սրտանօթային հիւանդութիւն ունեցած էք կամ՝ վտանգաւոր գործողութեան ենթարկուած, ապա հաւանաբար պէտք է հրաժարիլ ճամբորդութենէ։ Օրկանիզմին համար երկար թռիչքները, ժամային գօտիներու փոփոխութիւնը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը կրնան զօրաւոր «սթրես» պատճառել։ Իսկ առաջին հարուածը իր վրայ կը վերցնէ սրտանօթային համակարգը, յայտնած է սրտաբանը։