Հայաստանի, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, տարածուած են լինտերու բորբոքումի հիւանդութիւններ, որոնք տարիներու ընթացքին կրնան հանգեցնել ակռաներու կորուստի:
Հայաստանի «Periodontologist»-ներու Միութեան նախագահ, ատամնաբուժ Վարդան Բակալեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ լինտերու հիւանդութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ բերանի խոռոչի ճիշդ մաքրութիւնը: Ակռաները պէտք է մաքրել 3-4 վայրկեան: Այս մէկը կ՛օգնէ խուսափելու ատամնափառի կուտակումէն, որ քանի մը շաբթուան կամ ամսուան ընթացքին, կը պնդանայ եւ կը վերածուի ատամնաքարի:
«Պէտք է յիշել, որ եթէ ակռաները մաքրուին կոշտ հորիզոնական շարժումներով եւ շատ կոշտ ակռայի խոզանակով, ապա այդ մէկը կրնայ վնասել ակռաները եւ լինտերը», նշած է Բակալեան: Ան ընդգծած է, որ վեց ամիսը անգամ մը, անհրաժեշտ է դիմել ատամնաբուժի՝ խորհրդատւութեան համար: «Այս ընելով, ակռաներու եւ լինտերու լուրջ խնդիրներէ կրնանք խուսափիլ: Որեւ հիւանդութեան բուժում շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ կատարուի կանուխ հանգրուաններուն: Հակառակ պարագային, կը պահանջուի աւելի բարդ եւ սուղ արժող բուժում», ընդգծած է Բակալեան:
Խորհրդատւութեան ժամանակ, ատամնաբուժը պէտք է բացատրէ հիւանդին, թէ ինչպէ՞ս ճիշդ ձեւով պէտք է մաքրէ ակռաները խոզանակով եւ միջատամային մաքրութեան այլ միջոցներով (ատամնաթելեր, միջատամային խոզանակներ…): Խնդիրը այն է, որ հիւանդը միշտ չէ, որ կը հետեւի բժիշկին խորհուրդներուն, որուն իբրեւ հետեւանք, շատերու մօտ, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ բերանի խոռոչի մաքրութենէն ետք, ակռաներուն վրայ կը մնայ փառ, որուն պատճառով ակռաները կը սկսին փճանալ», ըսած է փորձագէտը: