Անվտանգ կը նկատուի կօշիկի մինչեւ 5 սմ. կրունկը (նախընտրելի է առաւելագոյնը՝ 3 սանթիմեթր): Այս մասին կը յայտնէ Օլկա Չիժեւսքայա (Ռուսիա), որ «փոտիեթրի» (podiatry, բժշկութեան այն ճիւղը, որ կը զբաղի ոտքի, ոտքի մատներու, կրունկի հարցերով) զարգացման համագործակցութեան լիկայի գործադիր տնօրէնն է։
Բարձր կրունկները, ըստ մասնագէտին, վնասակար են որեւէ տարիքի համար, յատկապէս՝ փոքր աղջիկներու համար։
«Փափաքելի չէ չափազանց կանուխ օգտագործել բարձր կրունկները։ Փոքր աղջիկը կ՛ուզէ գեղեցիկ երեւիլ, սակայն անոր ոսկորները եւ օրկանիզմը տակաւին ամբողջութեամբ ձեւաւորուած չեն։ Ոչ ճիշդ ընտրուած կօշիկը կրնայ ազդել անոր առողջութեան, որովհետեւ կրնայ յանգեցնել ողնաշարի ձեւափոխումի եւ այլանդակութիւններու»,- ըսած է մասնագէտը։
Մեծ կիներու համար եւս բարձր կրունկով կօշիկներ (յատկապէս եթէ անոնք նեղ ձեւուածք ունին) կրնան յանգեցնել շարք մը խնդիրներու: Երակներու լայնացումէն եւ ուռուցքներէն մինչեւ ոտքի մատներու մէջ նիւթափոխանակութեան խախտումներ եւ մկաններու մէջ ցնցումներ կրնան յառաջացնել։
«Գեղեցիկ, սակայն ոչ յարմարաւէտ բարձր կրունկով կօշիկներ կրելու պարագային, հիմնական ծանրաբեռնուածութիւնը կ՛իյնայ ոտքերու մատներուն վրայ։ Իւրաքանչիւր քայլը կը դառնայ միքրոցնցում ամբողջ օրկանիզմին մէջ, այդ շարքին՝ գլխուղեղին մէջ։ Կը վնասուին հանգոյցները եւ աքիլլեսեան մկանները։ Առաւել յայտնի հետեւանքներէն մէկը մեծ մատի յօդերու ձեւազեղծումն է, որ լատիներէն կը կոչուի Hallux Valgus, կամ պարզապէս՝ «կոճ»»,- ըսած է մասնագէտը։
Ոտքի առաջին մատի ձեւազեղծումը, «կոճ»-ը, ամէնէն տարածուած խնդիրն է, որու պարագային 30-ը անց կիներ կը դիմեն մասնագէտին։ Եւ այդ հիւանդութեան զարգացման վտանգի գլխաւոր գործօնը, մասնագէտին խօսքերով, բարձր կրունկով կօշիկներն են։