Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կ՛անտեսուի ինքնահոգատարութիւնը: Մենք հակում ունինք առաջնահերթութիւնը տալու ուրիշներու կարիքներուն: Բայց երկարաժամկէտ հեռանկարով այդ կրնայ սպառել մեր ուժը եւ բարձրացնել «սթրես»ը: Իսկական ինքնահոգատարութիւնը եսակեդրոն կամ եսասէր ըլլալը չէ: Խօսքը իւրաքանչիւր վայրկեան մեր զգացումներուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու մասին է, առանց յանցանքի զգացում ունենալու։
Ինքնահոգատարութեան եօթը ոլորտները․
ինքնահոգատարութեան եօթը ոլորտները կ՛աշխատին միասնաբար մեր կեանքին հաւասարակշռութիւն եւ ամբողջականութիւն ապահովելու համար։
- Մտային․ մտային ինքնահոգատարութիւնը առողջ մտածելաձեւի ձեւաւորումն է մտախոհութեան եւ հետաքրքրասիրութեան միջոցով։
- Զգացական․ զգացական ինքնահոգատարութիւնը կը ներառէ մեր զգացումներուն հոգ տանիլը՝ առողջ յաղթահարման ռազմավարութիւններով:
- Ֆիզիքական․ ֆիզիքական ինքնահոգատարութիւնը մեր մարմինը խնամելն է՝ մարզանքներու, սնանելու եւ քունի միջոցով:
- Բնապահպանական. միջավայրի ինքնահոգատարութիւնը կը նշանակէ հոգատարութիւն ցուցաբերել այն տարածքներուն եւ վայրերուն նկատմամբ, ուր մենք կ՛ապրինք, կ՛աշխատինք, կը հանգստանանք եւ կը վերստեղծենք:
- Հոգեւոր․ հոգեւոր ինքնագնահոգատարութիւնը կը ներառէ գործունէութիւններ կամ վարժութիւններ, որոնք մեր կեանքին նպատակ եւ իմաստ կու տան, անկախ անկէ, թէ անոնք ունին կրօնական բաղադրիչ, թէ՝ ոչ:
- Զբօսանքային. այս ինքնահոգատարութեամբ կարեւոր է ժամանակ յատկացնելը ձիրքերու մշակման, զուարճալի գործունէութիւններու եւ նոր փորձառութիւններու։
- Ընկերային․ ընկերային ինքնահոգատարութիւնը յարաբերութիւններու մշակումն է՝ մարդկային կանոնաւոր, իմաստալից կապերու եւ առողջ սահմաններու միջոցով։
Ինքնահոգատարութեան վարժութիւն
Լաւ ժամանակ է իրազեկ դառնալու եւ ինքնահոգատարութեան ու անձնական առողջութեան մէջ զարգացում արձանագրելու: Ահաւասիկ քանի մը յանձնարարութիւններ ինքնահոգատարութեան մասին, որոնք կրնան ակնյայտ թուիլ, բայց իսկապէս տարբերութիւն կը ստեղծեն, եթէ մտածենք, թէ իւրաքանչիւրը ո՞ւր կրնայ տեղաւորուիլ մեր կեանքին մէջ.
․ Իրազեկութիւն. մեր կարիքները հոգալու առաջին քայլը իմանալն է, թէ որո՞նք են այդ կարիքները: Ուտելիքի, ապաստանարանի եւ անվտանգութեան մեր հիմնական կարիքները, անշուշտ, առաջինն են: Բացի ատկէ, ինչպէ՞ս կը զգանք: Ի՞նչ է մեր ուժի մակարդակը: Կարողութիւնը ունի՞նք կառավարելու մեր առօրեայ պարտականութիւնները արդիւնաւէտութեան եւ խաղաղութեան զգացումով: Կապ հաստատա՞ծ ենք այն մարդոց հետ, որոնք կը սիրեն մեզի: Ընդհանրապէս յոյս ունի՞նք մեր ապագայի վերաբերեալ: Նաեւ ունի՞նք այն աջակցութիւնը, որ անհրաժեշտ է մեր կեանքին մաս կազմող «սթրես»ը կառավարելու համար:
․ Քուն․ Առողջապահութեան ազգային հիմնարկը (NIH) կը յանձնարարէ օրական 7-9 ժամ քնանալ: Քունը կարեւոր է մեր ֆիզիքական եւ մտային բարեկեցութեան համար: Անիկա կրնայ բարելաւել մեր առողջութիւնը, տրամադրութիւնը եւ դիմադրողական գործունէութիւնը:
․ Մարզանք․ կանոնաւոր ֆիզիքական աշխուժութիւնը կրնայ օգնել բարելաւելու մեր տրամադրութիւնը եւ օգնելու, որպէսզի յաղթահարենք «սթրես»ը: Մենք կրնանք սկսիլ մեղմ մարզանքներով, ինչպէս՝ քալելը կամ «եոկա»ն:
․ Ջուր խմել․ օրուան ընթացքին ջուր խմելը կրնայ օգնել մեզի պահպանելու մեր մարմնին ջերմաստիճանը, նաեւ՝ պահպանելու պատշաճ կշիռք ու բարելաւելու մարզանքներու կատարողականութիւնը:
․ Սնունդ․ թարմ պտուղները եւ բանջարեղէնները միշտ լաւ ընտրութիւն են։ Նկատի ունենալ սննդագէտի հետ խորհրդակցութիւնը, որպէսզի սնունդի հետ կապուած մեր առողջութեան վերաբերեալ յանձնարարութիւններ կատարէ եւ ուղղութիւններ տայ:
․ Մարձում. մարձումը էական չէ, բայց անիկա կրնայ օգնել նուազեցնելու «սթրես»ը, հանգստացնելու ցաւոտ մկանները եւ բարելաւելու տկարութիւնն ու մտային առողջութիւնը:
․ Բարութեան դրսեւորում. ուրիշներու հանդէպ բարութեան փոքր գործողութիւնները կրնան բարձրացնել մեր «էնտորֆին»ները՝ հորմոններ, որոնք կ՛աւելցնեն բարեկեցութեան զգացումը:
․ Երախտագիտութիւն․ բնաւ ուշ չէ շնորհակալութիւն յայտնել անոր, որ օգնութիւն ցուցաբերած է մեզի, կամ ըսել, որ կը գնահատենք զինք, իր կատարած օգնութեան համար, անկախ անկէ, թէ որքան մեծ կամ փոքր է ըրածը: Երախտագիտութեան վերաբերեալ օրագիր պահելը կրնայ օգնել բարելաւելու մեր հոգեկան առողջութիւնը եւ հայեացքը՝ կեդրոնանալով օգտակար կողմերուն վրայ:
․ Զբօսանք․ ժամանակ յատկացնել այն բաներուն, որոնք կը սիրենք (օրինակ՝ կարդալ, ֆիլմեր դիտել, ճաշ պատրաստել, մեր սիրած երաժշտութիւնը մտիկ ընել, զբօսնել, խաղեր խաղալ եւ այլն):
․ Մերժում. հարց չէ մեղմօրէն ոչ ըսել հրաւէրներուն ու օգնութեան խնդրանքներուն, յատկապէս, եթէ մենք «սթրես»ի մէջ ենք, զբաղած կամ յոգնած ենք, եւ կամ պարզապէս չենք փափաքիր բաւարարել խնդրանքը:
Եթէ օգնութեան կարիքը ունինք մեր մտային եւ զգացական առողջութեան համար, կամ պարզապէս մէկու մը հետ խօսելու կարիքը ունինք, խորհրդատուները հասանելի են, որոնք կրնան օգնել մեզի բարելաւելու՝ առողջ որոշումներ կայացնելու մեր կարողութիւնը, ապահովելու առարկայական տեսակէտ այն բոլորին համար, որ մենք կը զգանք եւ ներկայացնելու յաղթահարումի զանազան միջոցներ: