Կինը, որ քաղցկեղի դէմ պայքարէն ետք զրկուած էր քիթէն, նոր քիթ ունի, որ աճեցուած է անոր ձեռքին վրայ, տեղեկացուցած է Daily Mail-ը։
Ֆրանսայի բնակիչը, որուն անունը չի նշուիր, քիթի խոռոչի քաղցկեղ ուներ։ 2013-ին, ան «քիմոթերափի» եւ ճառագայթային թերափի եղած էր։ Հիւծիչ բուժման հետեւանքով ֆրանսուհին զրկուած էր իր դէմքի զգալի մասէն, այդ շարքին քիթէն։
Օրկանը հեռացնելէն առաջ բժիշկները ատոր պատճէնը պատրաստած էին «պայոնիւթէ» մը, որ ստեղծուած էր 3D-տպիչով։ Անիկա քանի մը տարի պահուած էր ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ։ Այս տարի արհեստագիտութիւնը վերջապէս արտօնած է տեղադրել զայն։ Սկիզբը քիթը պատուաստուած է մաշկի տակ՝ կնոջ բազուկին վրայ։ Այստեղ «իմփլանթ»ին մէջ արիւնատար անօթներ յառաջացած են։ Երկու ամիս անց քիթը պատուաստուած է հիւանդին դէմքին վրայ:
Թուլուզի համալսարանի եւ Քլոտիըս Ռեկոյի հիմնարկի պարանոցադիմային վիրաբոյժները օգտագործած են բարդ արհեստագիտութիւններ, որպէսզի ձեռքի արիւնատար անօթները միացնեն դէմքի անօթներուն։ Գործողութիւնը յաջող անցած է, եւ հիւանդը նոր քիթ ունի, որմէ ետք երեք շաբաթ ան «հակապայոթիք»ներ ստացած է։