Լաքթոզի անհանդուրժողականութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ բարակ աղիքները բաւարար քանակութեամբ «լաքթէյզ» չեն արտադրեր կաթի շաքարը (լաքթոզը) մարսելու համար:
Բնականաբար, «լաքթէյզ»ը կաթի շաքարը կը վերածէ երկու պարզ շաքարի՝ «կլիւքոզ»ի եւ «կալաքթոզ»ի, որոնք կը ներծծուին արեան մէջ աղիքային լորձաթաղանթին միջոցով:
Եթէ դուք «լաքթէյզ»ի պակաս ունիք, ձեր ուտելիքին մէջ գտնուող լաքթոզը կը տեղափոխուի դէպի հաստ աղիք փոխանակ վերամշակուելու եւ ներծծուելու: Հաստ աղիքին մէջ բնական մանրէները կը փոխազդուին չմարսուած լաքթոզին հետ՝ յառաջացնելով լաքթոզի անհանդուրժողականութեան նշաններ եւ ախտանիշներ:
Երեք տեսակի լաքթոզի անհանդուրժողականութիւն գոյութիւն ունի։ Տարբեր գործօններ կը յառաջացնեն «լաքթէյզ»ի անբաւարարութիւն իւրաքանչիւր տեսակի համար։
Տեսակներ
1.Լաքթոզի առաջնային անհանդուրժողականութիւն
Մարդիկ, որոնց մօտ կը զարգանայ լաքթոզի առաջնային անհանդուրժողականութիւնը, որ ամենէն ընդհանրացած տեսակն է, կը սկսին կեանքը բաւարար «լաքթէյզ» արտադրելով: Նորածիններ, որոնք իրենց ամբողջ սնունդը կը ստանան կաթէն, «լաքթէյզ»ի կարիքը ունին:
Երբ փոքրիկները կաթը փոխարինեն այլ ուտելիքներով, անոնց արտադրած «լաքթէյզ»ի քանակը բնականաբար կը սկսի նուազիլ, բայց ընդհանրապէս բաւականաչափ բարձր կը մնայ, որպէսզի կարենան մարսել մեծերու բնատիպ սննդականոնին մէջ գտնուող կաթնեղէնի քանակը: Լաքթոզի առաջնային անհանդուրժողականութեան պարագային «լաքթէյզ»ի արտադրութիւնը կտրուկ ձեւով կը նուազի հասուն տարիքին, ինչ որ կը դժուարացնէ կաթնեղէններու մարսողութիւնը։
2.Լաքթոզի երկրորդական անհանդուրժողականութիւն
Այս ձեւի լաքթոզի անհանդուրժողականութիւն տեղի կ՛ունենայ, երբ բարակ աղիքները կը նուազեցնեն «լաքթէյզ»ի արտադրութիւնը՝ հիւանդութենէ, վնասուածքէ կամ վիրահատութենէ մը ետք, որ կը ներառէ բարակ աղիքները: Լաքթոզի երկրորդային անհանդուրժողականութեան հետ կապուած հիւանդութիւնները կը ներառեն՝ աղիքային բորբոքումը, «սիլիաք» հիւանդութիւնը, մանրէներու գերաճը եւ «Քրոն»ի հիւանդութիւնը: Վերոնշեալ խանգարումի բուժումը կրնայ վերականգնել «լաքթէյզ»ի մակարդակը եւ բարելաւել նշաններն ու ախտանշանները, թէեւ այդ կրնայ ժամանակ պահանջել:
3.Լաքթոզի բնածին կամ զարգացող անհանդուրժողականութիւն
Կարելի է, բայց հազուադէպ է, որ փոքրիկները ծնին լաքթոզի անհանդուրժողականութեամբ, որ կը յառաջանայ «լաքթէյզ»ի պակասէն: Այս խանգարումը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ «օթոսոմալ ռիսեսիվ» կոչուող ժառանգականութեան օրինաչափութեամբ, որ կը նշանակէ, որ թէ՛ մայրը եւ թէ՛ հայրը պէտք է փոխանցեն նոյն ծինային տարբերակը, որպէսզի փոքրիկը ախտահարուի: Վաղաժամ նորածինները կրնան նաեւ լաքթոզի անհանդուրժողականութիւն ունենալ՝ «լաքթէյզ»ի անբաւարար մակարդակի պատճառով:
Վտանգի գործօններ
Գործօններ, որոնք կրնան փոքրիկին աւելի հակուած դարձնել լաքթոզի անհանդուրժողականութեան կը ներառեն.
- Տարիքի բարձրացում. լաքթոզի անհանդուրժողականութիւնը ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ հասուն տարիքին: Վիճակը հազուադէպ է նորածիններու եւ փոքրիկներու պարագային:
- Էթնիք պատկանելիութիւն. լաքթոզի անհանդուրժողականութիւնը աւելի տարածուած է ափրիկեան, ասիական, սպանական եւ ամերիկեան-հնդկական ծագում ունեցող մարդոց մօտ:
- Վաղաժամ ծնունդ. վաղաժամ ծնած նորածիններ կրնան նուազ «լաքթէյզ»ի մակարդակ ունենալ, որովհետեւ բարակ աղիքները «լաքթէյզ» արտադրող բջիջներ չեն արտադրեր մինչեւ երրորդ եռամսեակի վերջաւորութիւնը:
- Բարակ աղիքը ախտահարող հիւանդութիւններ. բարակ աղիքներու հետ կապուած խնդիրներ, որոնք կրնան յառաջացնել լաքթոզի անհանդուրժողականութիւն, կը ներառեն՝ «սիլիաք» հիւանդութիւնը, մանրէներու գերաճը եւ «Քրոն»ի հիւանդութիւնը:
- Քաղցկեղի որոշ բուժումներ․ եթէ ենթարկուած էք ստամոքսի քաղցկեղի ճառագայթային թերափիի կամ ունիք «քիմոթերափի»ի պատճառով յառաջացած աղիքային բարդութիւններ, ապա կը բարձրանայ լաքթոզի անհանդուրժողականութեան զարգացման վտանգը: