Առաջին, բժիշկը կ՛առնէ ձեր բժշկական պատմութեան տուեալները, որպէսզի հասկնայ ախտանշանները եւ ինչպէ՞ս ձեր մարմինը կը հակազդէ կաթնային ուտելիքներուն: Ապա, դուք կը քննուիք հաստատելու համար, թէ լաքթոզի անհանդուրժողականութի՞ւն ունիք թէ՞ կաթնամթերքի ալերժի:
Ստուգում՝ լաքթոզի անհանդուրժողականութեան համար
Լաքթոզի հաւանական անհանդուրժողականութիւն ունեցող տարեցներու մեծ մասը բնաւ պաշտօնապէս չեն ստուգուած:
Լաքթոզի անհանդուրժողականութեան քննութիւն. դուք կը խմէք հեղուկ մը, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ կաթնաշաքար (լաքթոզ): Մօտաւորապէս 2 ժամ ետք, ձեր արեան մէջ գտնուող շաքարին քանակը կը քննուի: Եթէ շաքարին մակարդակը բարձրացած չէ, ուրեմն չէք մարսած հեղուկին մէջ գտնուող լաքթոզը:
Ջրածինի շնչառութեան քննութիւն. կը ստանաք հեղուկ մը, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ լաքթոզ: Ապա, ձեր շնչառութեան ջրածինը կը չափուի կանոնաւոր ընդմիջումներով: Եթէ չէք մարսած լաքթոզը, ուրեմն անիկա պիտի քայքայուի ձեր հաստ աղիքին մէջ՝ ջրածին դուրս տալով, ինչ որ կրնայ երեւան գալ ձեր շունչին ընդմէջէն:
Կղանքի թթուայնութեան քննութիւն. նորածիններ եւ փոքրիկներ, որոնք չեն կրնար քննուիլ վերոնշեալ ձեւերով, կրնան ստուգուիլ կղանքի միջոցով՝ կաթնաթթուի (լէքթիք ասիտ) համար, որ գոյացած կ՛ըլլայ հաստ աղիքին մէջ չմարսուած լաքթոզի քայքայման հետեւանքով:
Ստուգում՝ կաթնամթերքի ալերժիի համար
Մորթի «փրիք» քննութիւն. կաթնամթերքի «էլըրճըն» պարունակող հեղուկի փոքր կաթիլ մը կը դրուի ձեր մորթին տակ՝ նախաբազուկին կամ կռնակին վրայ: Եթէ ի յայտ գայ ցցուածք մը՝ շրջապատուած կարմիր քերուըտուք յառաջացնող մորթով, հաւանական է, որ դուք ունիք կաթնամթերքի ալերժի:
Ձեր բժիշկը կրնայ նաեւ թելադրել արեան քննութիւն, որ կը չափէ արեան մէջ որոշ հակամարմիններու քանակը:
Երկու քննութիւններն ալ կրնան «կեղծ դրական» ցոյց տալ: Դուք կրնաք դրական արդիւնք ստանալ ալերժիի մը նկատմամբ, որ իրականութեան մէջ չունիք: Ալերժիի ձեր մասնագէտը կը բացատրէ արդիւնքները:
Եթէ տակաւին կասկած կայ ալերժիի մը գոյութեան վերաբերեալ, սակայն հաստատուած չէ, ձեր բժիշկը կրնայ առաջարկել բանաւոր փորձարկում ընդունիլ՝ ձեզ կերակրելով տարբեր մթերքներ, որոնք կը պարունակեն կամ չեն պարունակեր կաթ, տեսնելու համար, թէ արդեօք պիտի արձագանգէ՞ք կաթ պարունակող ուտելիքին:
Ապրիլ լաքթոզի անհանդուրժողականութեամբ
Լաքթոզի անհանդուրժողականութիւնը դիւրութեամբ կը կառավարուի, հիմնականին մէջ սահմանափակելով ձեր օգտագործած կաթնեղէնէ պատրաստուած ուտելիքի եւ խմելիքի քանակը: Դուք կրնաք նաեւ փորձել լաքթոզէ կրճատուած պաղպաղակ ու կաթ, եւ կամ ստանալ «լաքթէյզի էնզայմ»՝ կաթնային արտադրութիւններ օգտագործած ժամանակ, որպէսզի օգնէ մարմնին լաքթոզը մարսելու:
Ապրիլ կաթնամթերքի ալերժիով
Եթէ ունիք կաթնամթերքի ալերժի, ուրեմն պէտք է խուսափիք կաթնամթերքի բոլոր տեսակի ուտելիքներէն եւ այն ուտելիքներէն, որոնք կը պարունակեն կաթնեղէնի արտադրութիւններ:
Անվտանգ մնալը կը նշանակէ կարդալ ուտելիքի պիտակները՝ գիտնալու համար, թէ կա՞յ կաթ կամ կաթ պարունակող բաղադրութիւններ: Կաթնային սպիտակուցներ գոյութիւն ունին շատ ուտելիքներու մէջ, որոնք դուք չէք ակնկալեր, ինչպէս՝ պահածոյացուած «թիւնա»ն, «էնըրճի» խմելիքները եւ նոյնիսկ՝ ձիւթը: Եւ մի՛ փորձէք ուտել նուազ լաքթոզով ուտելիք, եթէ կաթնամթերքի ալերժի ունիք: Անոնք տակաւին կը պարունակեն սպիտակուցներ, որոնք կրնան յառաջացնել «ալերժիք» արձագանգներ: