Մարդիկ, որոնց մօտ լեարդի ոչ ալքոլային ճարպային հիւանդութիւն կը զարգանայ, կրնան սկսիլ այլ ձեւով քալել:
Ոչ ալքոլային ծագում ունեցող լեարդի ճարպային հիւանդութիւնը շատ պարագաներու պայմանաւորուած է ապառողջ ապրելակերպով, չափէն աւելի ուտելով եւ քիչ շարժելով: Այս հիւանդութեան պարագային լեարդին մէջ կը բարձրանայ ճարպի «քոնսենթրէյշըն»ը, ինչ որ բաւական վտանգաւոր է։
Միեւնոյն ժամանակ այս «փէթոլոճիքըլ» գործընթացի ախտանշանները կրնան ոչ «սփեսիֆիք» ըլլալ։
Մասնաւորաբար, լեարդի ճարպակալումը կրնայ յանգեցնել նեարդաբանական խնդիրներու յառաջացման։
«Երբ լեարդը ախտահարուած է, անիկա կրնայ ազդել օրկանիզմի մը բազմաթիւ գործառոյթներուն վրայ, այդ շարքին՝ վարքի, տրամադրութեան, խօսքի, քունի եւ այն բանին, թէ ինչպէս մարդ կը շարժի: Մարդիկ կը նկատեն նաեւ քալուածքի փոփոխութիւն»,- մասնագէտներու խօսքերը մէջբերած է Daily Express-ը:
Անոնց կարծիքով՝ լեարդի ճարպային հիւանդութեան զարգացման հետ մէկտեղ կրնայ յառաջանալ անկայունութիւն եւ մարդ չի կրնար վերահսկել իր հաւասարակշռութիւնը, ուստի քալելու ժամանակ կրնայ ցնցուի, օրօրուիլ։