Հակառակ անոր, որ անիկա կրնայ թուիլ որպէս պարզ մտային «արգելափակում», հետազօտողները պարզած են, որ այսպիսի վայրկեաններուն ուղեղի քանի մը հատուածներ կ՛աշխատին միասին՝ գտնելու համար բացակայող բառը: Երեք առանցքային մասեր դեր կը խաղան այս գործընթացին մէջ՝ առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը, նախաճակատային «քորթէքս»-ը եւ «ինսուլա»-ն: Առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը կը գործէ որպէս վերահսկիչ՝ յայտնաբերելով բառ իմանալու եւ զայն յիշելու անկարողութեան միջեւ եղած «ընդհարումը»-ը: Նախաճակատային «քորթէքս»-ը կը գնահատէ հաւանական համընկնումները՝ ճշգրտութիւնը ապահովելու համար, մինչ «ինսուլա»-ն կ՛օգնէ վերականգնելու բառի հնչիւնաբանական բաղադրիչները: Գործառական «մագնիսական ռեզոնանսային թոմոկրաֆի»-ի ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ ինչպէս այդ մասերը կը փոխազդեն, բացայայտելով ուղեղի համաձայնուած ջանքերը խնդիրը լուծելու համար, կը գրէ The Conversation-ը:
Այս առաջադրանքը տարիքի հետ աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ եռանդը առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս-ին եւ «ինսուլա»-ին մէջ, որոնք երկուքն ալ կարեւոր են բառերու որոնումին համար, ժամանակի ընթացքին կը նուազի: Այս նուազումը աւելի դժուար կը դարձնէ յատուկ բառեր յիշելը, ինչպէս գրադարանին մէջ սխալ պիտակաւորուած գիրքեր փնտռելը, կը յայտնէ Focus-ը: Մեծերու պարագային յաճախ կը նուազի «ինսուլա»-ի աշխոյժութիւնը, ինչ որ կը տկարացնէ բառակազմութիւնը եւ կը բարձրացնէ «լեզուի ծայրի» վայրկեաններու յաճախականութիւնը:
Հակառակ անոր որ այս երեւոյթը կրնայ հիասթափեցնող ըլլալ, անիկա ուղեղի աշխատանքի բնական մասն է եւ պայման չէ, որ ցոյց տայ ճանաչողական անկում: Գիտնականները կը կարծեն, որ ուղեղին մարտահրաւէր ղրկող գործողութիւններով զբաղիլը, օրինակ՝ նոր բաներ սորվիլը, ընկերային գետնի վրայ աշխոյժ մնալը եւ մարզանք ընելը, կրնան օգնել պաշտպանուելու ճանաչողական անկումէն: Զօրաւոր ճանաչողական պաշարը կը վերաբերի ուղեղի ունակութեան յարմարելու եւ փոխհատուցելու տարիքի հետ կապուած փոփոխութիւնները կամ վնասները: Աշխոյժ եւ զբաղած պահելով ուղեղը, մարդ կրնայ տարիքի հետ պահպանել աւելի լաւ յիշողութիւն եւ մտածողութեան հմտութիւններ: Լաւ զարգացած ճանաչողական պաշարը ուղեղին կարելիութիւն կու տայ յարմարելու եւ փոխհատուցելու փոփոխութիւնները՝ բարելաւելով բառերու որոնումը նոյնիսկ տարիքի հետ:
Եթէ բառը կը մնայ անհասանալի, կարճ ընդմիջում ընելը կամ յարակից բառերու վրայ կեդրոնանալը կրնան օգնել յիշելու: «Լեզուի ծայրի» վայրկեանները ցոյց կու տան, թէ որքան բարդ է ուղեղը․ անոնք նաեւ ցոյց կու տան անոր արդիւնաւէտութիւնը՝ անընդհատ փնտռելու, փորձարկելու եւ կատարելագործելու, որպէսզի յիշէ բառերը եւ անոնց իմաստները: