Աղցանները, միսը, նախուտեստեղէնները, քաղցրեղէնները, ալքոլը կը գայթակղեցնեն մեզ ամանորեայ տօներու օրով սեղանին շուրջ գտնուած ժամանակ, իսկ առաւօտեան ստամոքսին մէջ ծանրութեան զգացողութիւն կ՛ունենանք, այրուածք եւ այլ տհաճ ախտանշաններ՝ կապուած շատ ուտելու հետ։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է յաղթահարել այս վիճակը՝ յայտնած է բժիշկ-կասթրոէնթերոլոկ Եվկենի Պելոուսովը։
Մասնագէտը առաջին կարգին կոչ ողղած է շատ ջուր խմել, բայց ոչ կազաւորուած եւ ոչ ալ պաղ։ Ան ընդգծած է, որ հեղուկը կ՛օգնէ արագացնելու մարսողութիւնը եւ դուրս բերելու թոյները։ Ջուրը պէտք է խմել փոքր ումպերով եւ ժամանակաւորապէս մոռնալ ալքոլի, սուրճի, թունդ թէյի, հիւթի եւ կազաւորուած խմելիքներու մասին. ատոնք կը գրգռեն ստամոքսը եւ փքուածութիւն կը յառաջացնեն։
Բայց եւ այնպէս անօթի մնալ ալ պէտք չէ, միայն թէ չ՛արժեր օգտագործել ծանր եւ իւղոտ սնունդ։ Ընտրեցէ՛ք թեթեւ ուտելիքներ, օրինակ՝ բանջարեղէններ, «եոկուրթ», ապուրներ… Խուսափեցէ՛ք միսէն, պանիրէն, կաթէն, հացէն, քաղցրեղէններէն, աղի եւ կծու ուտելիքներէն։ Կարեւոր է նաեւ աւելցնել ֆիզիքական աշխուժութիւնը։ Եթէ քնանաք շատ ուտելէն ետք, այդ միայն կը դանդաղեցնէ մարսողութիւնը եւ կը վատացնէ ախտանշանները։ Աւելի լաւ է քալել մաքուր օդին, զբաղիլ «եոկա»ով, ձգումներ ընել կամ այլ վարժութիւններ կատարել, որոնք կ՛օգնեն բարելաւելու արեան շրջանառութիւնը, հանել լարուածութիւնը եւ բարձրացնել տրամադրութիւնը։ Բայց չափէն աւելի «ինթենսիվ» մարզանքները կրնան վնասել օրկանիզմին։
Բացի ատկէ, բժիշկը յանձնարարած է դիմել ժողովրդական միջոցներուն։ Կան շատ միջոցներ՝ թեթեւցնելու համար ստամոքսը պարզ եւ հասանելի ուտելիքներու օգնութեամբ։
Օրինակ, կրնաք խմել տաք կաթ մեղրով, ջուր կիտրոնի հիւթով, անանուխի, «քամոմիլ»ի, կոճապղպեղի, համեմի եփուկ, ուտել մանտարին կամ կէս նարինջ։ Այս միջոցները կ՛օգնեն հանգստացնելու ստամոքսը, վերացնելու այրուածքը, փքուածութիւնը եւ սիրտխառնուքը։
Եթէ որովայնին մէջ զօրաւոր ցաւ զգաք կամ սիրտխառնուք ունենաք, դիմեցէք բժիշկի։ Շատ ուտելը կրնայ ըլլալ խոցի, «կասթրիտ»ի, ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքման եւ «քոլեսիսթիթ»ի սրացման պատճառ։
Հետեւեցէ՛ք պարզ կանոններուն. կերէ՛ք դանդաղ, լաւ ծամեցէք, իրարու մի՛ խառնէք անհամատեղելի ուտելիքները, սահմանափակեցէք ալքոլը։ Այդ ժամանակ կարելի կ՛ըլլայ իսկապէս վայելել տօնը եւ պահպանել աշխուժութիւնը եւ լաւ ինքնազգացողութիւնը առաւօտեան ժամերէն։