Բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, սննդաբան Միխայիլ Կինզպուրկ յայտնած է, որ հակացուցմունքներու բացակայութեան պարագային օրական պէտք է մինչեւ երեք խնձոր ուտել, գրած է Medikforum-ը։ «Խնձորը ամէնէն օգտակար ամառնային պտուղն է»,- ըսած է Կինզպուրկ։
Մասնագէտը բացատրած է, որ խնձորը հարուստ է «զինք»ով՝ նիւթ մը, որ իբրեւ հակաօքսիտանդ կը գործէ. կը կանխէ «աթերոսկլերոզ»ի զարգացումը, կը նպաստէ անօթներու առողջութեան եւ կ՛երկարաձգէ կեանքի տեւողութիւնը։
«Օրական կ՛արժէ առնուազն երկու-երեք խնձոր ուտել»,- ըսած է սննդաբանը։
Ամառնային ամէնէն առողջապահական պտուղներու շարքին Կինզպուրկ նշած է նաեւ տանձը: Տանձը մեծ քանակութեամբ սննդային մանրաթելեր կ՛ընդգրկէ, որոնց օգտագործումը կը բարելաւէ աղիքներու «միքրոֆլորայի» վիճակը, եւ, ի վերջոյ, դրական կերպով կ՛ազդէ դիմադրողական համակարգին վրայ։
Սննդաբանը կը յանձնարարէ նաեւ սալոր ուտել։ «Սննդային մանրաթելերու շնորհիւ սալորը կը նպաստէ աղիքներու ճիշդ աշխատանքին»,- ըսած է Կինզպուրկ։