Մեծ թիւով հետազօտութիւններ հաստատած են, որ մանուկներու համար «կրաւորական» ծխախոտի ծուխ ստանալը նոյնքան վտանգաւոր է: Կատարուած նոր հետազօտութեան ժամանակ, գիտնականները պարզած են, որ մանուկ տարիքին ծխախոտի ծուխի ազդեցութիւնը կրնայ տարիներ ետք յառաջացնել տեսողութեան այնպիսի խնդիրներ, ինչպէս՝ «քաթարաքթը», «կլաուքոման» եւ շատ ուրիշ հարցեր:
The National Post-ը յայտնած է, որ Հոնգոնկի չինական համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ աչքի ետեւի բաժինին կառուցուածքը ծխախոտի ծուխի պատճառով կը բարակնայ: Անոնք արձանագրած են աչքի անօթաթաղանթի բարակնալու երեւոյթ, որ կը սնուցանէ ցանցաթաղանթը եւ կը վերականգնէ աչքին մէջ մշտապէս քայքայուող նիւթերը: Գիտնականները հետազօտութեան համար ներգրաւած են 6-էն մինչեւ 8 տարեկան 1400 փոքրիկ: 941 փոքրիկ չէ շնչած ծխախոտի ծուխ:
Ի յայտ եկած է, որ այն փոքրիկները, որոնք ենթարկուած են ծխախոտի ծուխի, անոնց աչքերուն անօթաթաղանթները 6-8 միքրոմեթրով բարակ եղած են, քան այն փոքրիկներուն մօտ, որոնց ներկայութեամբ երբեք ծխախոտ չէ ծխուած: Աւելին՝ ընտանիքին մէջ որքան շատ ծխողներ եղած են, այնքան փոքրիկի աչքերուն անօթաթաղանթը աւելի բարակ եղած է:
Գիտնականները ընդգծած են, որ տեսողական համակարգը աշխուժ կերպով կը զարգանայ մինչեւ 12 տարեկան: Այս պատճառով շատ կարեւոր է փոքրիկներու մօտ չի ծխելը:
Նշենք, որ նախորդ հետազօտութիւնները ապացուցած են նաեւ՝ «կրաւորական» ծխելու վտանգաւոր ըլլալը մեծերու աչքերուն համար: