Աւելի քան կէս միլիոն բրիտանացիներու «Դեզօքսիռիբոնուկլեինաթթու»-ներու (Deoxyribonucleic acid) հետազօտութիւնը գիտնականներուն օգնած է ապացուցելու, որ ծխելը կը նպաստէ ընկճախտի եւ շիզոֆրենիայի զարգացման՝ գրեթէ կրկնապատկելով այս հոգեկան խանգարումներու զարգացման հաւանականութիւնը: Այս մասին գրած են «կենեթիկները» (geneticists), որոնք յօդուած հրապարակած են Psychological Medicine հանդէսին մէջ, հաղորդած է «Արմենփրես»-ը:
«Հոգեկան հիւանդութիւններ ունեցողները յաճախ կ՛անտեսուին ծխելու եւ միւս վնասակար սովորութիւններու դէմ պայքարելու պատճառով: Մեր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ծխախոտէն հրաժարիլը պէտք է բարելաւէ ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ հոգեկան առողջութիւնը բոլոր դասակարգերու մարդոց շրջանակին մէջ, այդ շարքին նաեւ՝ ընկճախտով եւ շիզոֆրենիայով հիւանդներու»,-նշած է Պրիսթոլի համալսարանի (Մեծն Բրիտանիա) աշխատակից Ռոպին Վութոն, որուն խօսքը կը մէջբերէ Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Գիտնականներու ընթացիկ գնահատումներով՝ շիզոֆրենիայով այժմ կը տառապի մոլորակի մօտաւորապէս 21 միլիոն բնակիչ, ըստ որուն՝ կէսը պատշաճ օգնութիւն չ՛ստանար պետութենէն եւ բժշկական ծառայութիւններէն: Շիզոֆրենիայով տառապողներու զգալի մասը բաժին կ՛իյնայ 15-էն մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդներուն: Առայժմ, «նիւրոֆիզիոլոկ»-ները չեն կրնար յստակ ըսել, թէ ինչպէ՞ս կը յառաջանան նման խանգարումները եւ ինչպէ՞ս պէտք է զանոնք բուժել:
Վերջին տարիներուն, «կենեթիկները» գտած են քանի մը տասնեակ «կեներ» (genes), որոնք համեմատաբար թոյլ կապուած են շիզոֆրենիայի հետ, սակայն գիտնականները չեն կրցած ըսել, թէ «Դեզօքսիռիբոնուկլեինաթթու»-ներու այդ տեղամասերուն մէջ ինչպէ՞ս «միւթէյշըն»-ները շիզոֆրենիա կը յառաջացնեն եւ ինչպէ՞ս կարելի Է յաղթահարել ատոնց ի յայտ գալու հետեւանքները: Վութոն եւ անոր գործընկերները արդէն երկար տարիներ կը փորձեն ոչ միայն բացայայտել տարբեր հիւանդութիւններու հետ կապուած «միւթէյշըն»-ներու արմատները, այլեւ հասկնալ, թէ յատկապէս ի՞նչ փոփոխութիւններ կը յառաջացնեն ատոնք մարդու ուղեղի եւ միւս օրկաններու աշխատանքին վրայ: Ուսումնասիրելով հաւաքուած տուալները՝ «կենեթիկները» ուշադրութիւն դարձուցած են հետաքրքրական օրինաչափութեան վրայ՝ շիզոֆրենիայով հիւանդները եւ ընկճախտով տառապողները զգալիօրէն աւելի յաճախ ծխած են, քան «կենեթիկական» հետազօտութիւններու միւս մասնակիցները: Վերլուծումը ցոյց տուած է, որ ծխելը իսկապէս կտրուկ զօրացուցած է վերի նշուած երկու հիւանդութիւնները ձեռք բերելու հաւանականութիւնը:
Մասնաւորապէս, ծխող բրիտանացիները մօտաւորապէս 2,27 անգամ աւելի յաճախ հիւանդացած են շիզոֆրենիայով եւ գրեթէ կրկնակի աւելի յաճախ յայտնուած են քրոնիք ընկճախտի ճիրաններուն մէջ, քան հետազօտութեան չծխող մասնակիցները, հաղորդած Է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: