Շատոնց յայտնի է, որ ծխողները քիչ մը աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան Փարքինսընի հիւանդութենէն: Այս հիւանդութեան ախտանշանները անոնց մօտ ի յայտ կու գան աւելի ուշ, քան չծխողներու մօտ: Նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ սուրճը եւ «ասփիրին»ը նոյնպէս նման ազդեցութիւն ունին։
Փարքինսընի հիւանդութիւնը երկրորդ ամէնէն տարածուած «նիւրօ-տիճենըրաթիւ» հիւանդութիւնն է Ալզհայմըրի հիւանդութենէն ետք, որով կը տառապի աւելի քան 7 միլիոն մարդ ամբողջ աշխարհի մէջ: Անիկա կը բնութագրուի «իմօշընըլ» եւ ճանաչողական խանգարումներով, զօրաւոր ցնցումներով, քալուածքի փոփոխութիւններով եւ մկանային «թոն»ի բարձրացումով: Յաճախ անիկա կը զարգանայ տարեց հասակին, սակայն կան նաեւ կանուխ Փարքինսընի պարագաներ։ Տղամարդոց մօտ հիւանդութիւնը կ՛ախտորոշուի 1,5 անգամ աւելի յաճախ, քան կիներու մօտ։
Լիուպեքի համալսարանի «նիւրօճենեթիքս»ի հիմնարկի գիտնականները այս հիւանդութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մօտաւորապէս 36,000 հիւանդ ներառած են: Կամաւորները ամբողջացուցած են հարցաթերթիկներ, որոնց մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած են իրենց ապրելաձեւի, սովորութիւններու, ախտանշաններու եւ դեղերու մասին:
Հետազօտողները մասնակիցները բաժնած են քանի մը խումբերու՝ կախեալ այն բանէն, թէ որքան ժամանակ անոնք ծխած, սուրճ օգտագործած կամ ասփիրին օգտագործած են: Անոնք վերլուծած են արդիւնքները եւ բաղդատած՝ Փարքինսընի հիւանդութեան առաջին նշաններու ի յայտ գալու տարիքին հետ բոլոր խումբերուն մէջ:
Անոնց համար, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին ծխած են աւելի քան 100 ծխախոտ, ախտանշաններու յառաջացման միջին տարիքը եղած է 63,5 տարեկան, մինչդեռ չծխողներու համար՝ 60,8 տարեկան: Օրական ծխուած ծխախոտներու քանակը նաեւ կապուած է հիւանդութեան յետաձգուած նշաններու հետ, թէեւ այդ տարբերութիւնը էական չէ: Բայց կայ լուրջ «նիւյանս» մը՝ Փարքինսընի հիւանդութեամբ ծխողներու շարժական ախտանշանները աւելի գէշ եղած են՝ բաղդատած չծխողներու հետ: Բացի ատկէ, հիւանդներու այս խումբը աւելի յաճախ «տիփրեշըն», տագնապ, յիշողութեան հետ կապուած խնդիրներ եւ ցաւային համախտանիշներ ունեցած է:
Սուրճի սիրահարներու մօտ ախտանշանները կը զարգանան ուշացումով՝ 61,9 տարեկանին՝ չխմողներու պարագային 59,4 տարեկանի մօտ: Պաշտպանիչ ազդեցութիւնը «փոթենշըլ» զօրացած է՝ կախեալ խմած գաւաթներու քանակէն եւ սպառման տեւողութենէն: Բացի ատկէ, սուրճը կապեալ եղած է ոչ այնքան ծանր շարժողական խանգարումներու հետ:
Երբ գիտնականները գնահատած են տարբեր հակաբորբոքային դեղերու հնարաւոր պաշտպանիչ ազդեցութիւնը, ամէնէն բարձր ցուցանիշը յայտնաբերուած է ասփիրինի մէջ. յայտնի դեղը կախեալ եղած է ախտանիշներու 5 տարիով յետաձգման հետ: Այն հիւանդներուն համար, որոնք շաբաթական առնուազն երկու դեղահատ ստացած են 6 ամիս կամ աւելի, ախտանշաններու յառաջացման միջին տարիքը կազմած է 64 տարեկան: Անոնք, որոնք ասփիրին չեն առած՝ 59,1 տարեկան։
Գիտնականները նշած են, որ այս արդիւնքները կ՛օգնեն բարելաւելու Փարքինսընի հիւանդութեան ըմբռնումը եւ կրնան ազդել արդիւնաւէտ «թերափի»ի ստեղծման վրայ՝ ատոր յառաջընթացը յետաձգելու եւ դանդաղեցնելու համար: Բայց այս տակաւին հեռու է, որովհետեւ պաշտպանիչ ազդեցութեան ճշգրիտ «մեքանիզմ»ները տակաւին պարզ չեն: Հիւանդները պէտք չէ ընդունին այս բացայայտումները որպէս գործողութիւններու ուղեցոյց, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի ծխելուն: «Առողջութեան վրայ ծխելու վնասակար ազդեցութիւնը շատ աւելին է, քան Փարքինսընի հիւանդութեան հնարաւոր առաւելութիւնները»,- ըսած են հետազօտութեան հեղինակները:
Fox Insight Study-ի հետազօտութիւնը հովանաւորած է դերասան Մայքլ Ճեյ Ֆոքսի հիմնադրամը: Ան 30 տարեկանէն կը տառապի Փարքինսընի հիւանդութեամբ։