The Lancet Regional Health-Americas-ին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ գիտնականներ գնահատած են ծնելու ժամանակ կշիռքի եւ ճշգրիտ պատճառներով մահացութեան միջեւ կապը տարեց տղամարդոց եւ կիներու շրջանակին մէջ։
Հետազօտութեան մասնակցած են 22389 տղամարդ եւ 162231 կին:
Հետաքրքական է, որ կիներու շրջանակին մէջ ճշգրիտ պատճառներով մահացութեան վերլուծումը ցոյց տուած է, որ քաղցկեղէն մահացութեան բարձր վտանգը կապուած է ծնելու ժամանակ 4.5 քիլոկրամէն աւելի կշիռքի հետ: Միաժամանակ, սրտանօթային եւ շնչառական հիւանդութիւններու վտանգը բարձր եղած է այն կիներուն մօտ, որոնց կշիռքը ծնելու ժամանակ 2.5 քիլոկրամէն պակաս եղած է։
Եւ հակառակը, հետազօտութեան արական սեռի մասնակիցներուն մօտ, ծնելու ժամանակ կշիռքը եւ ընդհանուր մահացութիւնը կապուած չէին:
Գիտնականները եզրակացուցած են, որ ծնելու ժամանակ 2.5 քիլոկրամէն պակաս կշիռքի եւ կիներու մօտ շնչառական եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէն մահացութեան բարձր վտանգի միջեւ կապը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ներարգանդային անբարենպաստ միջավայրի հետ:
Ընդհանուր առումով, ծնելու ժամանակ ցած կշիռքի եւ կիներու շրջանակին մէջ սրտանօթային հիւանդութիւններէն եւ շնչառական հիւանդութիւններէն մահացութեան բարձրացման միջեւ ամուր կապ յայտնաբերուած է: Միաժամանակ, գիտնականները կապ յայտնաբերած են ծնելու ժամանակ բարձր կշիռքի եւ չափահաս տարիքին տղամարդոց եւ կիներու՝ քաղցկեղէն մահացութեան բարձր վտանգի միջեւ: