Ֆեյսպուքի խումբերէն մէկուն մէջ, հակա-ժահրային դեղամիջոցներէն հրաժարելու վերաբերեալ խորհուրդը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգին մէջ, 4 տարեկան փոքրիկին պատճառ դարձած է։ Այս մասին տեղեկացուցած է NBC news-ը:
Մայրը պատմած է, որ փոքրիկին մօտ ախտորոշում չէ եղած, սակայն փոքրիկը տաքութիւն եւ ուշաթափութիւն ունեցած է։ Ընտանիքին 4 փոքրիկներէն 2-ին մօտ «կրիփ» ախտորոշուած է եւ բժիշկը տան բոլոր անդամներուն հակա-ժահրային «թամիֆլու» նշանակած է։
Մայրը գրառում կատարած է «Դադրեցուցէ՛ք պարտադիր պատուաստումները» ֆեյսպուքի խումբին մէջ, որ ունի 178 հազար անդամ։ «Բժիշկը նշանակեց «թամիֆլու», բայց ես չկիրառեցի»,- գրած է ան։ Անոր յանձնարարած են օգտուելու միայն բնական միջոցներէն՝ ինչպէս անանուխի իւղ, նարդոս, վիթամին C։ Մայրը յայտնած է, որ նշուած միջոցները չեն օգնած, եւ այլ խորհուրդներ ուզած է։ Մեկնաբանութիւններուն մէջ, անոր յանձնարարած են փորձել բուժել փոքրիկը կուրծքի կաթով, ուրցով… հակառակ անոր, որ ատոնցմէ ոչ մէկը բժշկութեան մէջ «կրիփ»-ի բուժման համար չի կիրարկուիր։
Փոքրիկը, ի վերջոյ, հիւանդանոց փոխադրուած է եւ չորս օր անցնելէն ետք մահացած։
Քոլորատոյի հանրային առողջութեան եւ շրջակայ միջավայրի վարչութիւնը հաստատած է, որ նախադպրոցական տարիքի փոքրիկը մահացած է «կրիփ»-էն, իսկ փոքրիկին անձնական տուեալներուն մէջ տեղեկութիւն չկայ՝ պատուաստուած է, թէ ոչ։ Այնուամենայնիւ, ֆեյսպուքի խումբին հին գրառումներուն մէջ, փոքրիկին մայրը նշած է, որ իր փոքրիկները պատուաստումներ չեն ստացած։
Ֆեյսպուք-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Սա ողբերգութիւն է եւ մենք այդ ընտանիքին եւ անոնց հարազատներուն կողքին ենք։ Մենք չենք փափաքիր, որ պատուաստանիւթերու վերաբերեալ Ֆեյսպուք-ի մէջ ապատեղեկատւութիւն տարածուի եւ ամէն ինչ կ՛ընենք այդ մէկը բացառելու համար՝ այդ շարքին նաեւ փակ խումբերու մէջ»։
«Թամիֆլու»-ն «կրիփ»-ի բուժման համար նախատեսուած ամէնէն տարածուած հակա-ժահրային դեղամիջոցն է: Անիկա կրնայ թեթեւցնել ախտանիշները եւ կրճատել հիւանդութեան երկարութիւնը, բայց կողմնակի ազդեցութիւններու վերաբերեալ մտավախութիւնները տարածուած են նոյնիսկ հակապատուաստումային խումբերէն դուրս:
«Կրիփ»-ը, յատկապէս փոքրիկներու պարագային, բաւական ծանր կ՛ընթանայ։ Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման կեդրոններու տուեալներով՝ փոքրիկներու հիւանդանոցային բժշկական օգնութեան մակարդակը այս տարի բնականէն բարձր է. 68 փոքրիկ մահացած է: