Կանաչ թէյը նիւթ մը կը պարունակէ, որ կ՛արգելափակէ քաղցկեղի բջիջներու աճի համար անհրաժեշտ «էնզայմ»-ը: Այս մասին նշուած է նոր ուսումնասիրութեան մը մէջ, որուն արդիւնքները հրապարակուած են International Journal of Food Science and Nutrition ամսագիրին մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցումով` գիտնականները կապ մը գտած են կանաչ թէյի կանոնաւոր օգտագործման եւ կրծքագեղձի քաղցկեղի զարգացման ցած վտանգի միջեւ: Այսպիսի եզրակացութիւն եղած է բուսական բաղադրիչներու հակաքաղցկեղային յատկութիւններու 16 ուսումնասիրութեան վերլուծութեան պարագային:
Պարզուած է, որ կանաչ թէյը ECGC` փոլիֆենոլ կը պարունակէ, որ կը պայքարի թթուայնացնող սթրեսի դէմ եւ կ՛արգելափակէ «էնզայմ»-ը, որ քաղցկեղի բջիջներուն անհրաժեշտ է աճի համար: Սակայն հետաքրքրական է, որ անիկա դրական արդիւնք ցոյց կու տայ միայն կուրծքի քաղցկեղի հետ կապուած, սակայն, շագանակագեղձի, միզապարկի եւ ստամոքսի քաղցկեղի վրայ այս միացումը չ՛ազդեր: