Այսպէս կոչուած «կանաչ» միջերկրածովեան սննդականոնը աւելի օգտակար է սիրտի եւ անօթներու առողջութեան համար, քան սովորական միջերկրածովեան սննդականոնը, ըսուած է Heart պարբերականին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան արդիւնքներուն մէջ:
Կանաչ միջերկրածովեան սննդականոնը կանոն մըն է, որ կը ներառէ մեծ քանակութեամբ բուսական ծագումով ուտելիք (բանջարեղէն, պտուղ, ընդեղէն, բակլաբոյս, չմաքրուած հացահատիկ, բուսական իւղ), ձուկ, կաթնամթերքի չափաւոր քանակ եւ թռչնամիս: Այդպիսի սնունդ մասնագէտները կը յանձնարարեն սիրտի հիւանդութիւններ եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներ կանխարգիլելու համար:
Գիտնականները կը նշեն, որ այդպիսի սնունդ օգտակար է բուսական սպիտակուցներու շնորհիւ, որոնք հարուստ են ճարպաթթուներով:
Կանաչ միջերկրածովեան «տայըթ»-ը սննդականոնի արդիականացումներէն մէկն է, որուն մէջ բարձր է առողջութեան համար օգտակար նիւթերու պարունակութիւնը:
Նոր հետազօտութեան մէջ մասնակցած է 294 մարդ ճարպակալումով, որոնց յանձնարարուած է օգտագործել մեծ քանակութեամբ բանջարեղէն եւ «փոլիֆենոլ»-ներ, ինչպէս նաեւ «շէյք»-եր՝ կանաչ բանջարեղէնէն եւ կանաչ թէյ օրական 3-4 անգամ:
Կամաւորները բաժնուած են երեք խումբի: Առաջին խումբի մասնակիցները ստացած են առողջ սնուելու ընդհանուր յանձնարարականներ, երկրորդ խումբը պահպանած է միջերկրածովեան սննդականոն՝ «քալորիներու» սահմանափակումով եւ կարմիր միսի բացառումով, իսկ երրորդ խումբը հետեւած է կանաչ սննդականոնի կանոններուն: Բոլոր մասնակիցներուն յանձնարարած են աւելցնել ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւնը:
Վեց ամիս ետք, գիտնականները բաղդատած են սննդականոններու արդիւնքները: Առաջին խումբին մէջ մարդիկ նիհարցած են միջին՝ 1.5 քիլոկրամ, որովայնի լայնքը կրճատուած է միջին՝ 4.3 սանթիմեթրով: Երկրորդ խումբին մէջ, ցուցանիշները ցոյց տուած են 5.4 քիլոկրամ կշիռքի կորուստ եւ 6.8 սմ. որովայնի լայնքի նուազում, իսկ կանաչ սննդականոնի խումբին մէջ՝ 6.2 քիլոկրամ կշիռքի կորուստ եւ 8.6 սմ. կրճատում որովայնի բաժինին մէջ:
Երրորդ խումբի մասնակիցներուն մօտ գիտնականները յայտնաբերած են սրտանօթային հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ «վատ քոլեսթերոլ»-ի, զարկերակային ճնշման, «կլիւքոզ»-այի փոխանակման ցուցանիշներու եւ բորբոքային գործընթացներու վտանգի գործօններու առաւելագոյն բարելաւում: