JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած է, որ ինքնաշարժի բանալիները հեծանիւի սաղաւարտով փոխարինելը կրնայ նուազեցնել թուլամտութեան եւ Ալզհայմըր հիւանդութեան յառաջացման վտանգը։
Գիտնականները նշած են, որ կանոնաւոր հեծանիւ վարելը կրնայ նոյնիսկ նպաստել ուղեղի այն հատուածի չափի ընդարձակման, որ պատասխանատու է յիշողութեան համար։ Անոնք վերլուծած են գրեթէ 480,000 մարդոց տուեալները, որոնք յայտնած են իրենց հիմնական փոխադրամիջոցի օգտագործման մասին։ 13 տարուան հետազօտութեան ընթացքին աւելի քան 8, 800 մասնակիցներու մօտ զարգացած է թուլամտութիւն, իսկ գրեթէ 4000-ի պարագային՝ Ալզհայմըր հիւանդութիւնը։ Սակայն արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այն մասնակիցները, որոնք հեծանիւ քշած են կամ համատեղած են հեծանիւը այլ փոխադրամիջոցներու հետ, ինչպէս՝ քալելու, ինքնաշարժով կամ հասարակական փոխադրամիջոցով երթեւեկելու հետ, թուլամտութեան յառաջացման հաւանականութիւնը 16 առ հարիւրով աւելի նուազած է, իսկ Ալզհայմըր հիւանդութեան հաւանականութիւնը՝ 22 առ հարիւրով։
Առաւելութիւնները կամ օգուտները հիմնականին մէջ նկատուած են Ալզհայմըրր հիւանդութեան ծինային վտանգ չունեցող անհատներու մօտ: Ուսումնասիրութեան հեղինակները նաեւ նշած են, որ ուղեղի MRI հետազօտութիւնները բացայայտած են աշխոյժ շարժունակութեան հետ կապուած այլ հետաքրքական օրինաչափութիւն մը:
«Հեծանիւ վարելը եւ հեծանիւ վարելու համակից ձեւերը զգալիօրէն կապուած են «հիփոքամփ»-ի ծաւալի ընդարձակամ հետ», նշած են գիտնականները։