Քանի որ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին գրեթէ մօտաւորապէս 30 երկիր հաստատած է կապիկի ծաղիկով վարակման պարագաներու մասին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհան Կեպրեյեսուս նախազգուշացուցած է, որ առկայ է ոչ «էնտեմիք» երկիրներու մէջ հիւանդութեան տարածման վտանգ, տեղեկացուցած է UPIը։
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ 29 երկիր հաղորդած է, Մայիսի սկիզբէն, ժահրով վարակման աւելի քան 1000 դէպքի մասին։
«Վտանգը, որ կապիկի ծաղիկը կը տարածուի ոչ «էնտեմիք» երկիրներու մէջ, իրականութիւն է։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յատկապէս անհանգստացած է այդ ժահրի վտանգաւոր ըլլալուն՝ բնակչութեան խոցելի խումբերուն համար, ներառեալ փոքրիկները եւ յղի կիները»,- ընդգծած է կազմակերպութեան ղեկավարը։
Կապիկի ծաղիկը հազուադէպ հիւանդութիւն է, «էնտեմիք» Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի որոշ շրջաններու համար, առաջին անգամ մարդոց մօտ յայտնաբերուած է 1970 թուականին։ Այդ ժամանակէն սկսելով քանի մը բռնկում եղած է ոչ «էնտեմիք» երկիրներու մէջ, իսկ առաջինը արձանագրուած է 2003 թուականին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնաբերուած էր այդ ժահրով վարակման աւելի քան 70 պարագայ։
Վերջին բռնկման առաջին դէպքը արձանագրուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Մայիսի սկիզբը, վերջին շրջանին Նիճերիա ճամբորդած հիւանդի մը մօտ։
Վերջին բռնկման ժամանակ վարակուածներու մեծ մասը ոչ աւանդական կողմնորոշման տղամարդիկ էին, բայց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէնը նշած է, որ որոշ երկիրներ սկսած են տեղեկացնել ժահրի տարածման մասին, որոնց տեղը անյայտ էր, միաժամանակ՝ վարակուած էին նաեւ կիներ։
Հիւանդութեան յանկարծակի եւ անսպասելի յառաջացումը ոչ «էնտեմիք» երկիրներու մէջ կ՛ենթադրէ նաեւ, որ անիկա կրնայ տարածուիլ աննկատ, որոշ ժամանակի ընթացքին, աւելցուցած է ան։
Ժահրի տարածումը կանխելու համար Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը երկիրներու մէջ, ուր տեղի ունեցած է բռնկումը, կոչ ուղղած է պարզելու հիւանդութեան բոլոր դէպքերը եւ շփումները՝ ատոր հետագայ տարածումը չարտօնելու համար։
Այդ երկիրներուն օգնելու համար, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը թողարկած է համաճարակաբանական վերահսկման հրահանգներ, իսկ յառաջիկայ օրերուն կը թողարկէ «քլինիք»ական օգնութեան՝ վարակի կանխարգիլման եւ ատոր դէմ պայքարի, բնակչութեան պատուաստման եւ պաշտպանութեան մասին հրահանգներ, ըսած է ան։
Ծաղիկի դէմ պատուաստները ապացուցած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը վարակի դէմ պայքարին մէջ, բայց ատոնց մատակարարումը սահմանափակ է։