Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կապիկի ծաղիկի բռնկումը «կլոպըլ» արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է, հաղորդած է AP-ը։
Այդ կը նշանակէ, որ կապիկի ծաղիկի բռնկումը «արտակարգ իրադարձութիւն» է, որ կրնայ տարածուիլ շատ երկիրներու մէջ եւ կը պահանջէ համակարգուած «կլոպըլ» արձագանգ: Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը նախապէս արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է COVID-19 համավարակը, 2014 թուականին Էպոլայի բռնկումը, իսկ 2016-ին Զիքա ժահրը։ Անցեալ ամիս ԱՀԿ-ի փորձագիտական կոմիտէն յայտարարած է, որ կապիկի ծաղիկի համաշխարհային բռնկումը տակաւին միջազգային արտակարգ իրավիճակ չէ, բայց կոմիտէն այս շաբաթ հանդիպած է՝ իրավիճակը վերագնահատելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս մայիսէն 74 երկիրներու մէջ արձանագրուած է կապիկի ծաղիկի աւելի քան 16 000 պարագայ: Մինչեւ օրս մահացութեան դէպքեր արձանագրուած են միայն Ափրիկէի մէջ, ուր ժահրի աւելի վարակիչ տարբերակը կը տարածուի հիմնականին մէջ Նայճիրիայի եւ Քոնկոյի մէջ: