Կապիկի ծաղիկի համաճարակը բռնկում արձանագրած է 2022-2023 թուականներուն, բայց ներկայիս համաճարակը ի յայտ եկած է աւելի վտանգաւոր շտամէ։
Սկիզբը ժահրը կը փոխանցուէր անասուններէն մարդուն, սակայն այսօր անիկա կը փոխանցուի նաեւ մարդէ մարդու անմիջական մարմնային շփումի պարագային, ինչպէս նաեւ` օդակաթիլային ճամբով, եթէ հիւանդը կը շնչէ այլ մարդու մը դէմքին կամ անոր հետ կը խօսի մօտիկ տարածութենէ, գրած է BBCին։ Կապիկի ծաղիկը խիստ վարակիչ ժահրային հիւանդութիւն է, որ նաեւ կրնայ տարածուիլ իրերու հետ շփումի ժամանակ, օրինակ՝ սպիտակեղէնի, հագուստի, անձեռոցի։
Հիւանդութեան ախտանշանները նման են կրիփի ախտանշաններուն․ կրնայ ըլլալ նաեւ ցան բշտիկներով։ Լուրջ պարագաներուն ցանը կրնայ ըլլալ ամբողջ մարմնին վրայ, յատկապէս՝ բերանին, աչքերուն եւ սեռային օրկաններուն վրայ, որ կրնայ նաեւ ցաւ պատճառել։ Հիւանդութեան ընդհանուր տեւողութիւնը 14-21 օր է եւ կրնայ անցնիլ ինքն իրեն։
Բայց որոշ պարագաներու կրնան ըլլալ մահացու ելքեր։ Մինչեւ այսօր ծաղիկի բռնկումը կապուած էր նուազ վտանգաւոր շտամի՝ «Քլէյտ II»ի հետ։ Այժմ Ափրիկէի մէջ տարածուած է «Քլէյտ I»ը, որ կը սպաննէ հիւանդներու 10 առ հարիւրը։ Հիւանդութիւնը արձանագրուած է 116 երկիրներու մէջ, նշած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը։ Այս տարուան սկիզբը Քոնկոյի մէջ արձանագրուած է աւելի քան 13 7000 պարագայ եւ մօտաւորապէս 500 մահ։ Վարակման պարագաներ յայտնաբերուած են Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան, Պուրունտիի, Քենիայի, Ռուանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ 2022 Մայիսին հիւանդութիւնը տարածուած էր Եւրոպայի եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ, այնուհետեւ՝ ամբողջ աշխարհի․ 112 հիւանդ մահացած է։ Աւելի յաճախ հիւանդացած են միասեռականները եւ «պայսեքչուըլներ»ը։ Կրնայ վարակուիլ ոեւէ մարդ, որ սերտօրէն կը յարաբերի վարակուածներու հետ։ Փոքրիկները նոյնպէս կրնան վարակուիլ, որովհետեւ անոնց դիմադրողական համակարգը ձեւաւորման ընթացքին մէջ է։ Տկար դիմադրողական համակարգ ունեցող մարդիկ նոյնպէս վտանգի գօտիին մէջ կը գտնուին։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան թելադրանքով պէտք է խուսափիլ սերտ շփումէ կապիկի ծաղիկով հիւանդներու հետ եւ լուալ ձեռքերը օճառով։ Հիւանդները անկասկած պէտք է մեկուսացուին։ Առողջանալէն ետք 12 շաբթուան ընթացքին պէտք է օգտագործել պահպանիչներ ֆիզիքական յարաբերութեան պարագային։ Պատուաստներ գոյութիւն ունին, բայց առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ վտանգի խումբի մէջ գտնուող մարդոց կամ՝ վարակուածներու հետ շփում ունեցողներուն։
Վերջերս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դիմած է դեղեր արտադրողներուն՝ խնդրելով շարունակել պատուաստներու պատրաստութիւնը ծաղիկի ժահրին դէմ, նոյնիսկ եթէ այդ պատուաստները պաշտօնապէս հաւանութիւն չեն ստացած։ Bavarian Nordic դանիական ընկերութիւնը կը հաւաստիացնէ, որ բաւականաչափ արտադրողական հզօրութիւններ ունի պահանջքը բաւարարելու համար։
Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի ափրիկեան կեդրոնները ցամաքամասի ամբողջ տարածքին հանրային առողջապահութեան արտակարգ դրութիւն յայտարարած են, եւ յոյս կայ, որ կառավարութիւնները աւելի լաւ կարենան համակարգել իրենց արձագանգը։ Առանց համաշխարհային միջոցներու ձեռնարկութեան, իսկական վտանգ կայ, որ ներկայ բռնկումը կրնայ յանգիլ հիւանդութեան տարածման նոյնիսկ Ափրիկէի սահմաններէն դուրս։